«Այս սերունդը փորձառու չէ»։ Բաւական ատենէ ի վեր կը մտածեմ այս զրպարտութեան մասին։ Այսօր մենք կ’ապրինք 21-րդ դարուն, այսինքն արհեստագիտութեան դարաշրջանին։ Շատ բնական է որ հետեւինք համացանցային աշխարհին եւ երկար ժամեր յատկացնենք անոր։ Այդ բոլորը չեն նշանակեր, որ մենք փորձառու չենք, կամ գիտակցութիւն չունինք։ Այո՛, ժամանակը շատ մեծ դեր ունի, տարուէ տարի ամէն բան կը սկսի փոխուիլ՝ մարդիկ, իրենց մտածելակերպը, ժամանակը։ Մեր ժամանակն ալ ներկան է։
Կեանքը, պայմանները, բոլորն ալ մեծ դեր ունին մեր առօրեային մէջ։ Մենք ալ շատ բան տեսանք՝ անգթութիւն, անարդարութիւն եւ  այլ դժբախտութիւններ… Այս բոլորը ազդեցին մեր մտածելակերպին ու բնաւորութեան վրայ։ Թէ՛ պատերազմը, թէ՛ համաճարակը հոգեկան եւ ֆիզիքական մեծ ազդեցութիւն գործեցին մեր վրայ։
Բոլորս ալ ունինք մտահոգութիւններ եւ տեսակ-տեսակ մտածումներ։ Օրինակ՝ մեզի համար մեծ հարց է, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք մեր նպատակները հետապնդել եւ զանոնք իրականացնել։ Մեր սերունդը, որ յաճախակի քննադատութեան կ’ենթարկուի, այսօր զրկուած է իր ամէնէն պարզ իրաւունքներէն։ Բայց հակառակ մեր բոլոր տեսածներուն, մենք մնացինք զօրաւոր։ Այդ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեցինք ձեռք-ձեռքի տալով։ Երբ այսօր կը տեսնենք ու կը լսենք, թէ ինչպէ՛ս քիչ մը ամէն կողմ, դժբախտաբար նաեւ մեր հայրենիքին մէջ, ատելութիւն կը սերմանուի, ոչ ոք իրաւունք ունի մեզ քննադատելու։ Մեր յանցանքը չէ, որ շատեր չկրցան մեզի համար լաւ օրինակ դառնալ։
Ուստի մենք պիտի փորձենք միշտ մեր լաւագոյնը ընել՝ փաստելով բոլորին, որ մեր սերունդը որքան համբերատար եւ զօրաւոր է։
Աստղիկ Դանիէլեան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
ԺԱ. Կարգ