Ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Անգլիոյ ակնաճանաչութեան ուսումնարանը, ապա երաժշտական բարձրագոյն ուսման սկսած է հետեւիլ Սորպոնի երաժշտական համալսարանէն ներս, որը կիսատ թողլով անցած է Գերմանիա, ուր հետեւած է երաժշտական յատուկ դասընթացքներու։
Րէիսեան եղած է Հալէպի ազգ․ Սահակեան վարժարանի տնօրէն, ներկայիս ան Հալէպի պետական երաժշտանոցի տեսչական եռանդամ կազմին մաս կը կազմէ եւ տեսական բաժինի վարիչն է։
Մաս կը կազմէ սուրիական ՛՛Լուսաւորող Մտքի Ջահակիրներ՛՛ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։
Գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Համազգայինի ՛՛Զուարթնոց՛՛ երգչախումբին (հիւրաբար), ՀԲԸՄ-ի ՛՛Գարուն՛՛ մանկապատանեկան երգչախումբին եւ Քարէն Եփփէ Ազգ․ Ճեմարանի աշակերտական երգչախումբերուն։
Գեղարուեստական ղեկավարը եղած է պետական սենեկային մէկէ աւելի նուագախումբերու, ներկայիս՝ «Պարոք» սենեկային նուագախումբին։
Ժիրայր Րէիսեան երկար տարիներ մաս կազմած է Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին։ Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ եւ անդամ։
Րէիսեան մաս կազմած է Սուրիոյ խորհրդարանի ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու յանձնաժողովներուն, եղած է Սուրիա-Պոլիվիա միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ։
Հեղինակն է «Կոմիտաս․ Հայ Երգի Ազգային Նկարագիրը», ինչպէս նաեւ «100 Նուիրեալներ․ Ցեղասպանութեան Օրերուն Հայ Ժողովուրդի Օտարազգի Բարեկամներէն» գիրքերուն։ Ինչպէս նաեւ «Հայ Երաժշտութեան Տարրական Գիտելիքներ» եւ »Սրինգի Երաժշտական Տարրական Դասընթացք» դասագիրքերուն։
Քանիցս արժանացած է Սուրիոյ պետութեան եւ արաբական այլ կողմերէ պատուոյ գիրերու եւ գնահատագիրներու, վերջինս սուրիական Ապտուլ Րահման ալ Քաուաքիպի նուիրուած «Օտարներու Հողը» Ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակը եւ կատարման ղեկավարը ըլլալուն համար։
Պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ նախագահին կողմէ «Մ․ Խորենացի» մետալով, իսկ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Մ․Մաշտոց» շքանշանով։ Երաժշտական մէկէ աւելի առանձին մրցանակներու արժանացած է։