Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, սուրիական «Ուաթան» թերթը հաղորդեց, որ Հալէպ նահանգի եւ արուարձանի ընտրական դատական յանձնախումբերը որոշեցին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնսդրական 3-րդ շրջանի քուէարկութիւնն
ը կրկնել 2 քուէարկութեան կեդրոններէ ներս, երկու քուէատուփի համար իւրաքանչիւր կեդրոնի մէջ, այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ռ
երեկոյեան ժամը 7:00:
Հալէպ նահանգի ընտրական դատական յանձնախումբի ատենապետ Ամալ Շուշա «ՈՒաթան»ին հաղորդեց, որ քուէարկութիւնը պիտի կրկնուի Հալէպի «Ըպն Խալտուն» դպրոցէն եւ ընդեղէնի ընկերութենէն ներս, նկատի ունենալով, որ սոյն կեդրոններէն ներս յաւելեալ քուէարկութեան ծրարներ յայտնաբերուած են, այսինքն այն քուէատուփը որ 1000 ծրար պէտք էր ընդգրկէր, ընդգրկած է 1020 ծրար: Ուստի քուէարկութիւնը պէտք է կրկնել։