«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարդան Տողանեանի եւ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւպիւլօղլիին հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի կայունացման հարցերը:
Նախարարին եւ դեսպաններուն հանդիպումը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ ԱԳՆ առանձնատան մէջ` աշխատանքային նախաճաշի շրջանակին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Անդրկովկասի անվտանգութեան ապահովման, հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի կայունացման հարցերը, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանին տակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերու աշխուժացման հեռանկարները: