ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 21 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերու արտահերթ առցանց հանդիպումը։ 13 երկիրներէ Հայ Դատի 30 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան հանդիպումին: Ներկաները քննարկեցին Հայաստանի Տաւուշի Մարզի ուղղութեամբ ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այս ընթացքին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախմբերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ տարած եւ տանելիք աշխատանքները:

Հայ Դատի Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ հայկական բանակին, խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանական սադրանքները եւ Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ ու խաղաղ բնակչութեան դէմ անընդունելի ուժի կիրառումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ռազմական այս գործողութիւնները եւ ատրպէյճանական բարձրագոյն պետական պաշտօնեաներու կողմէ հնչած պատերազմական եւ ահաբեկչական կոչերը՝ մանաւանդ Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը հարուածելու սպառնալիքները անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու Ալիեւի վարչակարգին՝ ոչ միայն հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով լուծելու նպատակը, այլ նաեւ տարածաշրջանային մարդկային անվերաշրջելի աղէտ պատճառելու ծրագիրը:

Հայ Դատի Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները գնահատեցին Եւրոպական Միութեան անդամ այն բազմաթիւ պետութիւնները, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարանի անդամները, որոնք ընդառաջելով Հայ Դատի յանձնախումբերու կոչին՝ դատապարտեցին Ատրպէյճանի սադրանքները, վերջինէն պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, վերադառնալ բանակցութեան սեղան եւ պայքարիլ բացառապէս համաճարակին դէմ:

Հայաստան-Ատրպէյճան հիւսիս-արեւելեան սահմանին տեղի ունեցած բախումները Պաքուի մէջ ծնունդ տուին հակահայկական բողոքի ցոյցերու, որոնք աշխարհին բացայայտեցին, թէ Պաքուի դատապարտելի հայատեաց պետական քաղաքականութիւնը հետզհետէ կը տարածուի հանրութեան մէջ եւ կը վնասէ խաղաղութեան տեսլական ստեղծելու միջազգային հանրութեան ջանքերը:

Խիստ մտահոգիչ են նաեւ Ատրպէյճանի յարձակումին սատարող Թուրքիոյ կառավարութեան բացայայտ յայտարարութիւնները: Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիա, համագործակցաբար Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւն կը վարէ: Թուրքիոյ ռազմական հրահրումը կամ Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուածութիւնը լուրջ վտանգ կրնայ ստեղծել ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութեան, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան շահերուն եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան:

Եւրոպայի մէջ գործող ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը վերահաստատեցին ամենայն վճռականութեամբ շարունակել իրենց աշխատանքը ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, իրազեկելով Թուքիոյյ եւ Ատրպէյաճանի հակամարդկային, ահաբեկչական եւ կործանարար քայլերուն մասին եւրոպական քաղաքական եւ լրատուական շրջանակներուն մէջ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ