***
Գիշերը ցերեկ կ’ըլլայ,
ցերեկը՝ գիշեր
ժամանակը կը դառնայ
նոյն տեղը
նոյնը ընելու։
Երազներ կը սպասեն
իրենց շրջանին
յոյսեր կը սառին
կանգ կ’առնեն
ամէն ինչ կրկնութիւն
ունայնութեան
շրջանակին մէջ։
– Այսօր ի՞նչ օր է։
– Նոյնշաբթի…
***
Անորոշութիւն, մտահոգութիւն, նոյնութիւն ձանձրալի, բայց եւ այնպէս համաշխարհային միացում. քորոնայական արդարութիւն։
 ***
– Քորոնա չէ
հապա ի՞նչ է
թագաժահր։
Ո՛չ, թագաժահր չէ
հապա ի՞նչ է
պսակաձեւ ժահր
– Դե՛հ, ուրեմն՝ դիմակ հագէք
չէ՜, մի՛ հագնիք
կրէք.
– կրէ՛ք որ այս խաղը կրենք-
մի՛ կրէք
դրէ՛ք։
– Դիմակ չէ
դիմակը մասքն է.
դնչակապ։
Կապեցէք դունչը,
չըլլայ որ
ձեր շունչը վարակէք
ամէն մարդ իր շնչածին պատասխանատուն է։
-Մնա՛ տանը, խնայէ՛ կեանքեր-
-Էս քորոնան սարքովի է
Չեմ կրելու
Չիփ պիտ, դնեն
մեզ հետապնդելու
Թող երազեն
Չենք թողնելու։
-Քորոնան ում շունն է-
***
Կը պատահի
պատահեցաւ
մեռաւ:
***
Ամլանալ
խողխողիլ
լեխոտիլ
չքանալու դատապարտուիլ
յանկարծ՝ խայծ մը ստանալ
ոգեւորուիլ
փթթիլ
ծլիլ
բացուիլ
կրկին իյնալու
թառամելու
ամլանալու
անէանալու։
***
Ձախորդ օրերը կը յամենան երթալու
մեր համբերութիւնը փորձելով։
Քար պէտք է դնել մեր անհամբեր փորին վրայ.
-Այս օրերն ալ կ’անցնին-
***
Եթէ կրնաս մարդոց մէջ ըլլալ եւ չհամբուրուիլ
Եթէ կրնաս մարդոց մէջ ըլլալ եւ չհազալ
Եթէ կրնաս մարդոց մէջ ըլլալ զուսպ, որոշ հեռաւորութիւն պահելով
Եթէ կրնաս դրամատան առջեւ ժամերով կարգի սպասել, առանց համբերանքդ կորսնցնելու
Եթէ կրնաս փռշտալ, բայց արմուկովդ քիթդ բերանդ գոցել
Եթէ կրնաս փռշտալէդ յետոյ մարդոց ծուռ-ծուռ նայուածքները հանդուրժել
Եթէ կրնաս դուրսը ներս բերել, երբ դուրս ելլելդ կ’արգիլուի
Եթէ կրնաս առիթէն օգտուելով ձգձգուած գործերդ ընել
Եթէ կրնաս ընտանիքիդ հետ լաւ ժամանակ անցընել
Եթէ կրնաս չգիրնալ
չձանձրանալ
դիմանալ
չջլատուիլ
Եթէ կրնաս իմաստ մը գտնել
համատարած անհեթեթութեան մէջ՝
Այն ատեն առ ողջ ես, ո՛վ մարդ։
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան