Սուրիական սահմանադրութեան 125-րդ յօդուածին համաձայն, կառավարութիւնը Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւնենէն ետք հրաժարած կը համարուի, այլ խօսքով, Սուրիոյ կառավարութեան նստաշրջանը սահմանադրական օրէնքով պաշտօնապէս աւարտած կը համարուի՝ երեսփոխանական նոր ընտրութիւններէն ետք:
Այսպիսով, Հուսէյն Արնուսի նախագահութեամբ գործող կառավարութիւնը կը դառնայ փոխանցման շրջանի կառավարութիւն, այսինքն՝ նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններու իր ամբողջ լիազօրութիւնները չի վայելէր: Այս պարագային իւրաքանչիւր նախարարի պարտականութիւնը կ՚ըլլայ իր նախարարութեան առօրեայ աշխատանքը ամբողջացնել մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը:
Սահմանադրութեան 64 թուակիր յօդուածին համաձան, Սուրիոյ նորընտիր Խորհրդարանի անդամները նախագահական հրամանագիրով կը հրաւիրուին գումարելու առաջին նիստը, ուր կ’ընտրուի խորհրդարանի նախագահն ու նախագահական խորհուրդին անդամները: Հրամանագիրը կը հրատարակուի
Երեսփոխանական ընտրութեան արդիւնքներոյ յայտարարումէն 15 օր ետք:
Ըստ սահմանադրութեան 97-րդ յօդուածին, առաջին նիստը գումարուելէն եւ իւրաքանչիւր երեսփոխան իր առաքելութիւնը ստանձնելէն ետք, երկրին նախագահը յանձն կ’առնէ վարչապետին, փոխվարչապետներուն, նախարարներուն եւ փոխնախարարներուն նշանակումը:
Սահմանադրութեան 75-րդ յօդուածին համաձայն, վարչապետը խորհրդարան կ՚ուղարկէ կառավարութեան կազմութեան հաղորդագրութիւնը, իսկ 76 թուակիր յօդուածին մէջ կը բացատրուի, որ վարչապետը ընրութենէն ետք 30 օրուան ընթացքին պէտք է յանձնէ հաղորդագրութիւնը խորհրդարանին, որպէսզի ան բովանդակութիւնը գործադրութեան դնէ: