Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած յարձակումներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին հաղորդած են Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ըստ լրատուութեան, ռուսական կողմը անհրաժեշտ նկատած է գործադրել հաւասարակշռուած մօտեցումներ եւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ տագնապին մէջ ներքաշուած կողմերուն վրայ` իրավիճակի հետագայ սրումը կանխելու, հայ-ազրպէյճանական սահմանին անվտանգութեան ապահովման, ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող ջանքերու աշխուժացման համար:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է զարգացնելու գործակցութիւնը Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ` շրջանի կայունացման շահերէն մեկնելով: