«Ասպարէզ».-24 Յուլիս 2020ին, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Գուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնը գիշերուան ընթացքին ենթարկուեցան վանտալութեան՝ ատրպէյճանական ատելութեան խօսքերով եւ «կրաֆիթի»ով, որոնք գծուած են պատերուն վրայ:

Ոստիկանութիւնը տեղեակ պահուած է արդէն եւ հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են:
Անցնող շաբթուան ընթացքին մենք ականատես եղանք ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած նմանօրինակ ատելութեան արարքներու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ:
Խնամակալ մարմինը խստօրէն կը դատապարտէ ատելութեան այս արարքը Գռուզեան Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին եւ մեր համայնքին դէմ եւ կը յուսայ, որ յանցագործներ կը ձերբակալուին եւ դատուին օրէնքի խստագոյն տնօրինումներուն համաձայն:
Անմիջական գործակցութեան մէջ ենք վարժարանի Խնամակալ մարմինին, դպրոցին տնօրէնութեան եւ մանկապարտէզի վարիչներուն հետ՝ երաշխաւորելու համար դրպրոցին շրջափակին ապահովութիւնը:

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին