Ուրախութեամբ պիտի արձանագրենք, որ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը / Armenian National Committee of Canada իրաւամբ կը դասուի Հայ Դատի ամենաաշխոյժ յանձնախումբերու շարքին: Յանձնախումբի ու գրասենեակի բարձր արդիւնաւէտութիւնն ու քաղաքական մեծ կշիռը յատկապէս դրսեւորուեցան անցնող օրերուն:

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին, երբ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Օթթաւա, մօտէն ծանօթացայ յանձնախումբի կարողութիւններուն եւ քաղաքական յարաբերութիւններու պատկառելի շրջանակին:
Մեծ հպարտութեամբ կը հետեւէի քանատական պետական-քաղաքական գործիչներու հրապարակումներուն, ուր անոնք զօրակցութիւն կը յայտնէին Հայաստանին եւ խիստ հասցէական կը քննադատէին ատրպէյճանական արարքը: Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներուն շնորհիւ, քանատական քաղաքական կեանքի հիմնական երեք դերակատար կուսակցութիւններէն տարբեր բնոյթի արձագանգներ եկած են:
Կ’ուզեմ նշել իշխող Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆայսալ Էլ Խուրիի յայտարարութիւնը, որ Խորհրդարանի դահլիճէն ուղղակիօրէն դատապարտեց Ատրպէճանը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանին:
Առանձնապէս կ’ուզեմ անդրադառնալ Քանատայի երկրորդ քաղաքական ուժին` Պահպանողական կուսակցութեան եւ երախտիքի ու շնորհակալութեան խօսքեր ուղղել այդ կուսակցութեան նախագահ Անտրիւ Շիրին, Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով ստեծղուած Քանատա-Արցախ բարեկամական խումբի ղեկավար, պատգամաւոր Ռէյչլ Հարտերին եւ պատգամաւորներ Էրին Օթուլին եւ Փոփ Սարոյային, որոնք խիստ հասցէական դատապարտած են ատրպէյճանական յարձակումները եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանին, Արցախին եւ համայն հայութեան:
Ատրպէյճանական արարքը դատապարտած է նաեւ Նոր-Դեմոկրատական կուսակցութեան փոխնախագահ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ալեքսանդր Պուլերիսը ու բազմաթիւ այլ ընտրեալ ներկայացուցիչներ:
Շնորհակալ եմ նաեւ Հայաստան-Քանատա բարեկամութեան խումբի անդամներուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան