Երկար ժամանակէ ի վեր կը տատամսէի յօդուածի մը վերնագրի ընտրութեան գծով, մտքիս մէջ ուրուագծուած շարք մը դէպքերու շուրջ, որոնք փորագրուած են յիշողութեանս մէջ:
Չեմ գիտեր ինչպէս պահ մը, ներքին մղում մը զիս փոխադրեց դպրոցական տարիներու նստարանները:
Ութերորդ դասարանի աշակերտ էի, երբ հայերէնի ուսուցչուհիս բացատրեց շարադրութիւն գրելու տարրական ձեւերը, յայտնելով որ ան միտք մը արտայայտելու եւ տեսակէտ պարզելու միջոց է առհասարակ նիւթի մը շուրջ։ Ապա ան պարտականութիւն տուաւ նկարագրելու դպրոցական մեր առօրեայէն օր մը:
Հակառակ անոր որ միջակ մակարդակի աշակերտ մըն էի, դասերուս ժամանակ տրամադրելու իմաստով, այդուհանդերձ մեծ հետաքրքրութիւն ունէի հայ լեզուին նկատմամբ:
Յաջորդ հայերէնի դասապահուն, հակառակ որ ուսուցչուհիս շատ բան չէր գիտեր հետաքրքրութեանս մասին, պատահաբար զիս հրաւիրեց ամպիոն՝ կարդալու շարադրութիւնս: Երգիծական ոճով մը ներկայացուցած էի դպրոցական օրուան եօթը պահերը, լուսարձակի տակ առնելով ուսուցիչներուն բացթողումները, աշակերտներուն ընդհանրապէս ուսուցիչին չհամակերպելու ու ծաղրելու տղայական չարաճճիութիւնները եւ այլն: Շարադրութեանս ընթերցումը աւարտելէս ետք, ինծի համար անակնկալ պատասխան մը ստացայ ուսուցչուհիէս։ Ան չհաւատաց որ ես գրած եմ շարադրութիւնը եւ դժբախտաբար առանց նոյնիսկ հարցնելու, թէ մէկը օգնա՞ծ է ինծի, հաստատեց որ ծնողքս գրած է։
Իրականութեան մէջ երկար ատեն չկրցայ ներել ուսուցչուհիիս այդ անխոհեմ մօտեցումը:
Յաջորդ տարեշրջանին, կարծէք «չար» կատակ մը ըլլար, դարձեալ  դասարանի ամպիոն ներկայացած էի ընթերցելու ինծի թելադրուած շարադրութիւնը՝ «Նկարագրէ Հայրենիքդ» վերնագրով, ու ես թռիչք առած դէպի հայրենի աշխարհ նկարագրած էի ինչ որ կը խայտար երիտասարդական տարիներու տեսիլքիս մէջ։ Աւարտին կը սպասէի ուսուցիչիս՝ պրն. Յակոբ Չոլաքեանի մեկնաբանութեան:
Ան դառնալով դասընկերներուս հետեւեալը ըսաւ. «Սիրելիներ, իւրաքանչիւրս երբ նիւթի մը մասին գրենք, բնականաբար ազդուած կ’ըլլանք կարգ մը միտքերէ կամ անձերէ, կ’ընդօրինակենք զանոնք։ Ձեր դասընկերը, սակայն, ընդօրինակութիւն չէ կատարած, այլ իր ոճով փորձած է ներկայացնել իր մտքերն ու ապրումները»:
Այդ օրուընէ անքակտելի կապ մը ստեղծուեցաւ իմ եւ հայերէնի ուսուցիչիս միջեւ:  Օր մըն ալ ան նկատեց, որ հայերէնի դասագիրքս կազմարարի տուած էի, նեղացած հարցուց. «Տղա՛ս, աններելի սխալ մը գործած ես։ Դասագիրքը տարի մը ամբողջ կ’ընթերցեն, կ’իւրացնեն անոր բովանդակութիւնը, թող այս դասագիրքի էջերը փտին  ձեռքերուդ մէջ»: Ապա զայրացած յայտարարեց. «Հայ գիրքը չեն  վերակազմեր, այլ կը մաշեցնեն»։
Ուրիշ առիթով մը նստարանս բաժնեկցող դասընկերս, երբ հարցումով մը ուզեց ուշադրութիւնս շեղել, ուսուցիչս զայրոյթով, ակռաները սեղմած, խեղդուկ ձայնով մը ըսաւ. «Լաւ լսէ ինչ կ’ըսեմ, ես ուսուցիչդ ըլլալով քեզի հանդէպ յարգանք ունիմ։ Մի ստիպեր, որ այդ յարգանքը չքանայ»: Դաստիարակի մը նման վերաբերմունքը, բնականաբար, աշակերտին նկարագիրը կերտելու պիտի ծառայէր:
Պրն. Չոլաքեան այլ առիթով մը, երբ տեղեկացաւ, որ դասընկերներէս մէկը դասի պահուն դպրոցի բակը կողովագնդակ կը խաղար, զուսպ արտայայտութեամբ մը պատուիրեց, որ համոզեմ դասընկերս ու միասին դասարան վերադառնանք: Այդպէս ալ ըրի։
Միջնակարգի դպրոցական տարիներս աւարտած էին։ Այս քաղցրահամ, անկրկնելի օրերը յիշողութեանս մէջ դրոշմուեցան։ Պարոն Չոլաքեանն ու ես թաղեցիներ էինք։
Օրին մէկը, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի պողոտան հանդիպեցանք։ Դպրոցական վերամուտի շրջանն էր։ Ուրախութեամբ բարեւեցի ուսուցիչիս։ Ան ալ աւետեց, թէ զիս պիտի ներառնէ մեր վարժարանի աշակերտական «Ծիլեր» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին մէջ:
Բնականաբար ուրախութիւն էր լսել ուսուցիչիս այդ հրաւէրը, սակայն պրն. Չոլաքեան չկրցաւ պահել իր  զայրոյթը, երբ հաստատ եւ համարձակ կերպով յայտնեցի իրեն, որ պիտի չկարենամ ուսումս շարունակել՝ ընտանիքիս տնտեսական վիճակէն մեկնած։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ հօրս հետ մեր ապագայ գործատեղին պահելու սիրոյն պէտք էր կիսատ թողէի ուսումս ու հօրս կողքը ըլլայի տեւաբար:
Իրականութեան մէջ, յաճախ շատ մը երազներ կամ ծրագիրներ կրնանք հիւսել, սակայն կեանքի մէջ երբեմն դէմ յանդիման կը կանգնինք դառն իրականութիւններու, որոնք կ’արգելափակեն մեր տեսիլքը:
Այդուհանդերձ, երախտապարտ ենք մեր դաստիարակներուն ու կրթական մշակներուն, որոնք մշակեցին մեր միտքն ու հոգին եւ ուսումնական կարճատեւ տարիները  մեր կեանքը լուսաւորող փարոսի վերածեցին։ Բիւր յարգանք բոլորին։
Վիգէն Գէորգեան