«Ապառաժ».-Արցախէն մարդասիրական օգնութեան օդանաւ ղրկուած է Լիբանան:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Օգնութիւնը ղրկուած է Հայաստանի սիրտէն եւ Արցախի ժողովուրդէն: 2 օդանաւ արդէն ղրկուած է Լիբանան` հասցնելու մարդասիրական շտապ օգնութիւն: Այսքանով, սակայն, մեր աջակցութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան եւ հայ համայնքին չէ աւարտած», գրած է Փաշինեան եւ խաղաղութիւն մաղթած է եղբայրական Լիբանանին:
Հայաստան 8 Օգոստոսին իրականացուցած է առաջին թռիչքը դէպի Պէյրութ` իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն ղրկելով դեղորայք եւ առողջապահական պարագաներ: