«president.am».-Սուրիական հեղինակաւոր Ալ Ազմինա թերթը հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը.
Հարցում- Պարոն նախագահ, 10 Օգոստոսին Սեւրի պայմանագրի 100-ամեակը կ’ամբողջանայ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովի ընթացքին ստորագրուած էր մէկ կողմէն Անտանտի յաղթող 13 երկիրներու, միւս կողմէն պարտուած Օսմանեան կայսրութեան միջեւ: Պայմանագիրը կը նախատեսէր լուծել տասնամեակներով այնքան չարչրկուած Հայկական հարցը եւ վերջ տալ հայոց տառապանքներուն: Ին՞չ կ’ըսէք այդ մասին:
Պատասխան- Սեւրի պայմանագիրը իր բնոյթով խաղաղութեան պայմանագիր էր, եւ այդ առումով, իրօք, ան կրնար արմատապէս լուծել մեր ամենախրթին հարցերէն մէկը` Հայկական հարցը:
Սեւրի պայմանագիրին նախորդած էր 1920-ի Փետրուար-Ապրիլին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած առաջին համաժողովը, ուր ընդունուած էր քաղաքական որոշում առ այն, որ պէտք է ստեղծել մէկ, միասնական հայկական պետութիւն: Որպէս հայոց պետականութեան խարիսխ ճանչցուած էր Փարիզի վեհաժողովի կողմէն 19 Յունուար 1920-ին իրաւականօրէն ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն պիտի միացուէին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի որոշ տարածքներ:
Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրով Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար որպէս ազատ ու անկախ պետութիւն: Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներու մէջ (վիլայէթներ) երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը ձգել ԱՄՆ որոշումին (նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, որուն 100-ամեակը նոյնպէս կ’ամբողջանայ յառաջիկայ 22 Նոյեմբերին), եւ ընդունիլ ինչպէս անոր որոշումը անմիջապէս, նոյնպէս եւ բոլոր առաջարկները` Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին հարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապազինումը:
Հարց- Սակայն Սեւրի պայմանագիրը մնաց թուղթի վրայ…
Պատասխան- Աւելի ճիշդը, Սեւրի պայմանագիրը չարժանացաւ լիակատար վաւերացման (հետեւաբար կը մնայ անկատար (unperfected) եւ, ճիշդ է, Հայաստանի մասով որոշումները միջազգային քաղաքական իրադրութեան փոփոխութեան պատճառով չեն իրականացած, սակայն ան նաեւ երբեւէ չեղեալ չէ յայտարարուած:
Սեւրի պայմանագիրը օրինական, միջպետական, նաեւ իրաւական գործող փաստաթուղթ է, որովհետեւ այս փաստաթուղթին վրայ խարսխուած են կամ անկէ ածանցուած են Միջինարեւելեան շարք մը երկիրներու Առաջին աշխարհամարտին յաջորդող որոշ ժամանակահատուածի կամ ներկայ կարգավիճակները, յատկապէս` Սուրիոյ (ներկայիս` Սուրիա-Լիբանան) եւ Միջագետքի (ներկայիս` Իրաք-Քուէյյթ), Պաղեստինի (ներկայիս` Իսրայէլ եւ Պաղեստինի իշխանութիւններ), Հեճազի (ներկայիս` Սէուտական Արաբիա), Եգիպտոսի, Սուտանի, Կիպրոսի, Մարոքոյի, Թունուսի եւ Լիպիոյ:
Այս շարքին մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդի համախմբումին իր պատմական տարածքներուն վրայ:
Այն կրնար մասամբ դարմանել 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին հասած վնասները` պայմաններ ստեղծելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման:
Սակայն Սեպտեմբեր 1920-ին քեմալականներու սանձազերծած արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ աւարտեցաւ Հայոց անկախ պետականութեան վերացումով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով:
Այսպիսով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը` մէկ պետական կազմաւորման մէջ միաւորելու բաժնուած Հայաստանի մասերը, չպսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհով մէկ սփռուած ողջ հայ ժողովուրդը կը մնայ ժառանգորդը եւ տէրը իր հազարամեակներու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան: Ինչ որ ըրած են եւ կ’ընեն, որքան ալ ժխտեն ակնյայտ փաստերը, որքան ալ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մէջ ոչնչացնեն եւ ջնջեն հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան նիւթական յուշարձանները եւ հայերուն հետքերը, անոնք չեն կրնար ոչնչացնել հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը:
Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը այսօր կը մնայ իբրեւ կարեւոր փաստաթուղթ` հայ ժողովուրդի իրաւունքին մասին Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու:
Հարց- Կայ տարածուած տեսակէտ, թէ 1923-ին Լոզանի պայմանագիրը չեղարկած է Սեւրի պայմանագիրը:
Պատասխան- Բնաւ այդպէս չէ եւ չէր կրնար այդպէս ըլլալ: Լոզանի պայմանագրին մէջ ոչ միայն չկայ նման չեղարկում, նոյնիսկ Սեւրի պայմանագրի մասին յիշատակում չկայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ ստորագրած, հետեւաբար մաս չէ Լոզանի պայմանագիրին: Ըստ այդմ, ան որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստեղծած Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Այս իրավիճակին մէջ կը գործէ միջազգային իրաւունքի Res inter alios acta (մաս չես, պարտաւոր չես) սկզբունքը: Սեւրի պայմանագիրը եւ Լոզանի պայմանագիրը երկու տարբեր իրաւական փաստաթուղթեր են:
Հարց- Վերադառնանք մեր օրերուն: Մերձաւոր Արեւելքը, որուն անմիջական հարեւանութեամբ կը գտնուին Հարաւային Կովկասի երկիրները, կրկին կ’եռայ. զինեալ ընդհարումներ, քաղաքացիական պատերազմներ, ահաբեկչութեան դէմ պայքար, տարածքային վէճեր: Յուլիսի կէսերուն սահմանային ընդհանրումներ գրանցուեցան հայ-ատրպէյճանական շփման գօտիին մէջ, որոնք խլեցին մարդկային կեանքեր եւ ծայրայեղ լարուածութիւն յառաջացուցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Պատասխան- Այո, այս ընթացքին, երբ ողջ աշխարհն ու մենք կը պայքարինք մէկ ընդհանուր թշնամիի` պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ, եւ հակառակ այն հանգամանքին, որ ողջ աշխարհի մէջ հակամարտութիւնները դադրած են, մեր դրացի երկիրը` Ատրպէյճանը, փորձեց օգտուիլ այս իրավիճակէն` օգտագործելով բացասական իմաստով այս «կարելիութեան Պատուհանը» հայ-ատրպէյճանական սահմանին թշնամական արարք հրահրելու համար: Տակաւին լաւ է, որ հայկական զինեալ ուժերը դրսեւորեցին մարտական բարձր պատրաստականութիւն եւ բառացիօրէն երկու-երեք օրուան ընթացքին կրցան զսպել հակառակորդի նկրտումները, այսպիսով մեր տարածաշրջանը փրկելով լայնածաւալ ընդհարումներու հրդեհէն:
Հարց- Այս ծայրայեղ վտանգաւոր զարգացումներուն մասին յայտարարութիւններով հանդէս եկան ՄԱԿ-ը, ԵՄ-ն, ԵԱՀԿ-ը, տարբեր մայրաքաղաքներ` կոչ ուղղելով կողմերուն հանդարտութեան եւ երկխօսութեան: Միայն Անգարայի ոճն էր ռազմատենչ, իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնելով Պաքուի գործողութիւններուն:
Պատասխան- Այո, միջազգային հանրութիւնը լայնօրէն արձագանգեց իրադարձութիւններուն: Խօսքը յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մասին է` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եռանախագահներ: Սակայն Տաւուշի դէպքերը ցոյց տուին, որ կան շատ լուրջ մտահոգութիւններ:
Իմ մտահոգութեան առաջին կէտը կը վերաբերի մեր հարաւային դրացի` Թուրքիոյ կողմէն բաւականին բացասական հռետորաբանութեան: Թուրքիան Հայաստանի հանդէպ միջազգային յարաբերութիւններուն ոչ յարիր բառապաշար կ’օգտագործէ: Եւ սա կը կատարէ առանց որեւէ հիմնաւորումի, անպատասխանատու կերպով: Չմոռնանք, որ սա այն երկիրն է, որ նաեւ մարդկային մեծ ողբերգութեան վայր եղած է, ուր 105 տարի առաջ ցեղասպանութիւն իրականացուած է մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Ու փոխանակ իր անցեալի սեւ էջերը ճանչնալու միջոցով կամուրջ ստեղծէ Հայաստանին հետ, այդ երկրի իշխանութիւնները կ’օգտագործեն բառապաշար մը, որ իրականութեան մէջ ցոյց կու տայ անոնց մտադրութիւնը` շարունակելու ան, ինչ տեղի ունեցած է 105 տարի առաջ:
Երկրորդ մտահոգութիւնս է, որ Ատրպէյճան կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Հայաստանը վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի տարածքով անցնող միջազգային ենթակառուցուածքներուն համար: Սա բացարձակ անհեթեթութիւն է: Այդ ենթակառուցուածքները գոյութիւն ունին, 20 տարիէն աւելի է իրենց տեղն են, եւ Հայաստանը երբեք անոնք ոչնչացնելու մտադրութիւն չէ ցուցաբերած: Իմ ուղերձս է, որ Հայաստանը երբեք չէ եղած, չէ եւ չ’ըլլար սպառնալիք որեւէ մէկուն համար, որովհետեւ մենք անոնց հետեւորդներն ենք, որոնք անցած են ցեղասպանութեան ճամբով եւ վերապրած են: Այնպէս որ մենք շատ լաւ գիտենք, ինչ կը նշանակէ տառապիլ, գիտենք, ինչ կը նշանակէ մարդկային արժէքները: Ես մտահոգ եմ, որ երբ ողջ աշխարհը միատեղ կը պայքարի համավարակին դէմ, ոմանք անմարդկային գործողութիւններ կը ծրագրեն:
Յաջորդ մտահոգութիւնս կը վերաբերի Ատրպէյճանի կառավարութենէն կամ համապատասխան գերատեսչութիւններէն հնչող պաշտօնական յայտարարութիւններուն, թէ Ատրպէյճան կրնայ հարուածել Մեծամօրի աթոմակայանը: Ես ֆիզիքոս եմ ու շատ լաւ կը պատկերացնեմ իրական հետեւանքները, որ կրնայ ըլլալ, եթէ յանկարծ որոշեն հարուածել աթոմակայանը: Ուստի ես այս յայտարարութիւնը կ’ընդունիմ իբրեւ ահաբեկչական գործողութեան մտադրութիւն, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կը բնորոշուի որպէս միջուկային ահաբեկչութիւն: Աստուած մի արասցէ, եթէ յանկարծ տեղի ունենայ, մենք կ’ունենանք կովկասեան Չեռնոպիլ: Ո՛չ միայն Հայաստանը կը տուժ, այլեւ բոլորը կը տուժեն` ներառեալ Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Վրաստանը, Մերձաւոր Արեւելքը…
Ինչ հարցեր ալ ըլլան երկիրներու միջեւ, դրացիներու միջեւ, միջուկային թեմայով կրակի հետ խաղալ կարելի չէ: