ՍԱՆԱ-Լիբանան․- Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի մէջ սուրիական դեսպանատունը յայտնեց, որ նախորդ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ի յայտ եկած է, որ մինչեւ այսօր զոհուած են 43 սուրիացիներ։
Այս առիթով, Պէյրութի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ, յայտնելով, որ դեսպանատունը լուրջ աշխատանք կը տանի պայթումէն վնասուած սուրիացիներուն օգնութիւն տրամադրելու համար։ Դեսպանատունը նաեւ որոշ դիւրութիւններ ընծայած է, ինչպէս զոհերուն դիակները Սուրիա փոխադրելու կամ Լիբանանի մէջ թաղել տալու համար։ Իսկ սուրիական կառավարութիւնը լիբանանեան կառավարութեան հետ կը գործակցի անհետ կորածները փնտռելու առումով։
Դեսպանատունը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնած է սուրիացի եւ լիբանանցի զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է վիրաւորներուն։ Աւարտին դեսպանատունը յայտնած է սուրիական կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ Լիբանանի հետ գործակցաբար այս աղէտը շրջանցելու։