*Լուալ ձեռքերը

Պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու համար ձեռքերը օրուան ընթացքին քանի մը անգամ օճառով պէտք է լուալ 20 երկվայրկեան տեւողութեամբ։

Նախընտրելի է օգտագործել հեղուկ օճառ, որ հականեխիչ նիւթեր կը պարունակէ։ Պարզ օճառն ալ գործի կը ծառայէ այս պարագային։

Ե՞րբ լուալ ձեռքերը.

1- Հազալէն կամ փռշտալէն ետք

2- Հիւանդի մը հոգատարութենէն ետք

3- Ճաշ պատրաստելէ առաջ, վերջ եւ պատրաստելու ընթացքին

4- Ճաշելէ առաջ եւ վերջ

5- Զուգարանէն ելլելէ վերջ

6- Որեւէ աշխատանք աւարտելէ վերջ

7- Ընտանի կենդանիներու դիպչելէ վերջ

8- Գործէն վերադարձին, տուն մտնելէ վերջ։

9- Նախքան տունէն դուրս ելլելը։