Պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման ճշգրիտ միջոցներուն մասին յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալու եւ մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, «Գանձասար» դիմեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան բաժանմունքի դասախօս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր առաջարկին՝ պատասխանելով ընթերցողներէն մեզի հասած շարք մը հարցումներու եւ իր մասնագիտական փորձառութեամբ նպաստելով հանրային իմացութեան մակարդակի բարձրացման։ Կը հրապարակենք հարցազրոյցը յաջորդական քանի մը բաժիններով։

«Գանձասար»- Տիկի՛ն Թամար,մանրամասնօրէն կը պարզէ՞ք խնդրեմ, թէ պսակաձեւ ժահրը ի՞նչ ձեւերով կը փոխանցուի անձէ անձ եւ ինչպէ՞ս պէտք է նախազգուշանալ համաճարակէն:

Թ․Գ․Հ․-Այս ժահրը ժողովուրդին ծանօթ է իբրեւ «Քորոնա» կամ «քորոնավայրըս» , հիւանդութեան անունը «Covid-19»ն է, որ շնչառական հիւանդութիւն է եւ կը փոխանցուի անձէ անձ շնչառական կաթիլներով: Երբ այս ժահրով վարակուած անձ մը կը փռնգտայ կամ կը հազայ, բերնէն կ’արձակէ մանր կաթիլներ, որոնք մեր աչքերով կրնանք չտեսնել: Նոյնիսկ երբ կը խօսինք, երբեմն կրնանք նոյն ձեւի շատ մանր կաթիլներ արձակել մեր բերնէն եւ եթէ ուրիշ անձ մը երկու մեթրէն աւելի մօտ կեցած է մեզի, այդ օդին մէջէն պիտի շնչէ կաթիլներուն մէջ եղած ժահրը եւ պիտի վարակուի:

Ուրեմն ժահրին փոխանցման հիմնական միջոցը անձէ անձ է, մանաւանդ երբ կը փռնգտանք, կը հազանք կամ կը խօսինք: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ երգչախումբերու երգեցողութեան պահուն, երբ բարձր ձայնով կը մասնակցինք երգչախումբին, այդ պարագային բերնէն դուրս ելած մեծ կաթիլները կը տարածենք մեր շուրջը: Հետեւաբար համաճարակի այս օրերուն յանձնարարելի չէ երգչախումբեր կամ խմբային ձեռնարկներ կազմակերպել:

Երբ պսակաձեւ ժահրով վարակուած անձ մը կը խօսի, կը փռնգտայ կամ կը հազայ, այդ մանր կաթիլները օդին մէջէն, իրենց ծանրութեամբ, անմիջապէս պիտի տեղաւորուին մակերեսներու վրայ կամ գետին պիտի հասնին: Ուրեմն եթէ հոն մակերեսներ կան, որոնց աւելի ուշ կրնան դպչիլ կամ օգտագործել զանոնք ուրիշ անձեր, ինչպէս օրինակ՝ սեղաններ, աթոռներ կամ որեւէ  գործիք, առողջ անձ մը, որ տակաւին չէ վարակուած, երբ դպչի այդ մակերեսներուն, որոնց վրայ ժահրով կաթիլները հանգչած են արդէն, այդ մակերեսը կամ գործիքը գործածելէ ետք առանց անդրադառնալու իր ձեռքը կրնայ բերնին, աչքին կամ քիթին տանիլ եւ ժահրով վարակուիլ: Այս ձեւը աւելի քիչ համեմատութեամբ կը վարակէ:

Վարակման ամէնէն շատ տարածուած եւ փաստուած ձեւը անձէ անձ շնչառական միջոցով փոխանցումն է, որովհետեւ պսակաձեւ ժահրը շնչառական հիւանդութիւն է եւ կը փոխանցուի հազալու, փռնգտալու, խօսելու եւ երգելու պահերուն: Եթէ մենք իրարու մօտ կենանք եւ երկու մեթր հեռաւորութիւն չպահենք իրարու միջեւ, կրնանք հակամէտ ըլլալ ժահրով վարակուելու: Հոս է որ կը խօսուի երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելու եւ դիմակներ կրելու կարեւորութեան մասին, երբ անպայման պէտք է հանդիպինք գործ մը ընելու համար:

Պսակաձեւ ժահրը կրնայ վարակել ուրիշ անձեր, երբ ինքնին անհատը տեղեակ չէ, որ ինք ժահրը կը կրէ: Այս մէկը իրականութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր բաժինն է այս հիւանդութեան, որովհետեւ երբ անձը որեւէ ախտանշան չունի, այսինքն՝ չի հազար, չի փռնգտար, տաքութիւն չունի, մեր գիտցած հարբուխի որեւէ ախտանշան չունի, կը կրէ ժահրը, սակայն տեղեակ չէ որ կը կրէ զայն, նոյն ձեւով հազով մը, կամ նոյնիսկ խօսած պահուն կրնայ մանր կաթիլներու միջոցով վարակել շուրջինները: Այս մէկը շատ կարեւոր է, մանաւանդ երբ նախազգուշական սկզբունքներուն մասին պիտի խօսինք։ Հոս է որ անհրաժեշտ է այդ բոլոր սկզբունքները կիրարկել, մանաւանդ դիմակ կրել եւ իրարմէ հեռաւորութիւն պահել: Պէտք է յայտնենք նաեւ, որ երբեմն ախտանշանները երեւան չելած մարդիկ կրնան սկսիլ վարակել իրենց շուրջինները, այսինքն կրնայ ըլլալ հիւանդը սկիզբը չզգայ իր հիւանդ ըլլալը, բայց երկու-երեք օր վերջ անհատին մօտ սկսի ախտանշաններու ի յայտ գալը: Երկու-երեք օր առաջ ինք որ տեղեակ չէր իր հիւանդ ըլլալէն եւ որեւէ ախտանշան չունէր՝ հաւանաբար վարակած էր իր շուրջինները։ Այս է վտանգաւոր բաժինը այս հիւանդութեան: Հետեւաբար պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք եւ խիստ ձեւով կիրարկենք դիմակներ կրելու եւ իրարմէ հեռաւորութիւն պահելու միջոցները:

«Գ․»– Ինչպէ՞ս կրնանք պաշտպանել մենք զմեզ, մեր սիրելիները, հարազատները եւ մեր շուրջինները պսակաձեւ ժահրէն:  

Թ․Գ․Հ․- Ուսումնասիրութիւններ արդէն իսկ կը փաստեն, որ եթէ ճշդուած նախազգուշական քայլերը ամբողջովին կիրարկենք, կրնանք բաւական թեթեւցնել պսակաձեւ ժահրին վարակը մեր միջավայրին մէջ:

Ամէնէն կարեւորը յաճախ եւ շատ մանրակրկիտ ձեւով ձեռքերը լուալն է: Ձեռքերը լուալ վազող ջուրով եւ օճառով, իսկ եթէ կարելիութիւն չունինք այդ վայրկեանին մեր ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալու, օգտագործենք հականեխիչ որեւէ նիւթ, 70% եւ աւելի ալքոլ պարունակող, կամ ալքոլով պատրաստուած ժել, կան նաեւ հականեխիչ թաշկինակներ, բայց պէտք է ստուգել անոնց ալքոլով պատրաստուած ըլլալը: Անշուշտ ամէնէն դիւրինը եւ մատչելին բոլորիս համար մեր ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալն է, պէտք է երկար լուանք, մօտաւորապէս կէս վայրկեան, ձեռքին բոլոր կողմերը, մատները, ափը եւ դաստակը շփելով:

Երկրորդ կարեւոր կանխարգիլման ձեւը իրարմէ մօտաւորապէս երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելն է,  որեւէ մէկ ատեն որ կը հանդիպինք: Անշուշտ կը յանձնարարուի, որ մեր հանդիպումները յաճախակի չըլլան եւ միայն շատ անհրաժեշտ պարագաներու մենք հանդիպինք իրարու: Այս փուլին պէտք է ընկերային հաւաքները զանց առնենք, բայց գործնական պարագաներուն, ինչպէս աշխատանքի կամ առեւտուրի համար, երբ անհրաժեշտ կ’ըլլայ մարդոց ուրիշներու հետ հանդիպիլը, այդ հանդիպումներուն ընթացքին միշտ երկու մեթր հեռաւորութիւն պէտք է պահենք իրարմէ եւ չմօտենանք իրարու, որովհետեւ ինչպէս նշեցինք, երբ անհատը հազայ, փռնգտայ կամ խօսի, բերնէն դուրս ելած կաթիլներով պիտի վարակէ շուրջինները: Ուրեմն որքան հեռաւորութիւն պահենք, այնքան այդ կաթիլներէն զերծ կը մնանք: Երբ առնուազն երկու մեթր հեռաւորութիւն կը պահենք, աւելի ապահով կը մնանք:

Պէտք է խուսափինք նաեւ խճողուած վայրերէ: Եթէ խճողուած խանութներ կան, ուրկէ մեր առեւտուրը կամ գնումները պիտի ընենք, յետաձգենք գնումները կամ որեւէ մէկ գործ որ ունինք հոն, իսկ եթէ անպայման պիտի երթանք, հեռաւորութիւնը պահենք եւ դիմակ կրենք:

Չկազմակերպենք ընկերային հաւաքներ կամ ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին շատ մեծ թիւով մարդիկ պիտի հաւաքուին, նոյնիսկ ընտանեկան հաւաքներէն խուսափինք, որովհետեւ մեր ընտանեկան պարագաները, որոնք կրնայ ըլլալ կարգ մը քռոնիկ հիւանդութիւններ ունին կամ յիսուն տարեկանէն վեր են, աւելի հակամէտ կ’ըլլան այս հիւանդութեան ծանր տեսակը ունենալու եւ իրենց կեանքը վտանգելու: Մնանք մեր անմիջական ընտանիքէն ներս եւ եթէ մեր ընտանիքի տարեցները հոգատարութեան պէտք ունին, այդ պարագային մենք շատ աւելի ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ մեր ընկերային կեանքի կամ գործի յարաբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնենք:

«Գ․»- Ինչպէ՞ս եւ երբ դիմակ պէտք է կրել։

Թ․Գ․Հ․- Դիմակը կրել երբ տունէն դուրս ենք, որեւէ մէկ տեղ՝ շուկայ երթալու կամ գործի պարագային, երբ մեր գործը ուրիշ անձերու հետ է, միեւնոյն ատեն երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելով: Անշուշտ երբ առանձին գրասենեակէ կամ աշխատանոցէ ներս կ’աշխատինք, պէտք չունինք դիմակ կրելու, բայց երբ որեւէ ուրիշ անհատ մը կայ գործատեղիէն ներս, պէտք է անպայման դիմակ կրենք: Եթէ մեր գործը յաճախորդներու հետ է, շատ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ դիմակ կրելը:

Դիմակը պէտք է ճիշդ ձեւով կրենք: Դիմակը պէտք է գոցէ մեր քիթն ու բերանը, հասնելով մինչեւ կզակ: Դիմակը չդրած պէտք է մեր ձեռքերը հականեխենք կամ լուանք օճառով եւ ջուրով: Դիմակը բռնենք իր պարաններէն, որոնք մեր ականջներուն կամ գլխուն ետեւը կը հասնին եւ որեւէ մէկ ատեն չդպչինք մեր դիմակին երբ դուրսն ենք: Երբ պիտի հանենք դիմակը, կրկին պարաններէն բռնելով հանենք: Եթէ կտորէ դիմակ է, կրնանք լուալ եւ նորէն գործածել, անշուշտ երբ հանենք յատուկ տոպրակի մէջ դնենք, ապա լուանք: Իսկ եթէ բժշկական դիմակ է, պէտք է թափենք տեղ մը, որ ապահով է՝ կափարիչով տուփի մը մէջ:

Կարեւոր է նաեւ դիմակին հետ չխաղալը, վեր վար ընելով զայն:Ուրեմն դիմակը մէյ մը որ կրենք, եթէ վերջացաւ գործը, քանի մը ժամ անցաւ, պէտք է պարաններէն հանենք եւ թափենք, իսկ եթէ նորէն պիտի գործածենք, որովհետեւ շատ կարճ գործածած ենք, հանենք պարաններէն, դնենք յատուկ տոպրակի մը մէջ եւ յետոյ կրկին գործածենք:

Դիմակի արտաքին բաժինին պէտք չէ դպչիլ բնաւ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ մէկը փռնգտացած կամ խօսած ատեն կաթիլները հոն տեղաւորուած ըլլան եւ ժահրը այդ կաթիլներուն մէջ ըլլայ: Եւ երբ սխալ ձեւով կը բռնենք եւ սխալ ձեւով կը դնենք ու կը հանենք այդ դիմակը, մենք մեզ աւելի հակամէտ կը դարձնենք վարակուելու ժահրով: Պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ դիմակը կրելու ճիշդ ձեւերը սորվինք:

«Գ․»- Վարակումը կանխարգիլելու համար նախազգուշական ուրիշ ի՞նչ միջոցներու պէտք է դիմել։

Թ․Գ․Հ․- Կանխարգիլման կարեւոր միջոցներէն մէկը իբրեւ անհատներ նպատսելն է, որ այս հիւանդութիւնը չտարածուի: Այս հիւանդութեան ախտանշանները շատ են եւ կը նմանին հարբուխի ախտանշաններուն: Կրնայ ըլլալ շփոթենք զանոնք, կարծելով որ հարբուխի ախտանշաններ են, բայց երբ համաճարակի ամէնէն վտանգաւոր շրջանը կ’ապրինք, առաջին հաւանականութիւնը պէտք է ըլլայ պսակաձեւ ժահրը կամ « Covid-19» հիւանդութիւնը: Ուրեմն երբ կը հազանք, կը փռնգտանք, հարբուխի որեւէ այլ ախտանշան ունինք, յոգնած կը զգանք, մկանային ցաւեր ունինք կամ կարեւոր ախտանշաններէն մէկը՝ տաքութիւն ունինք, նոյնիսկ ուրիշ տարբեր ախտանշաններ կան, որոնք շատ աւելի քիչ համեմատութեամբ կ’երեւին մարդոց մօտ, բայց ընդհանրապէս հարբուխի նմանող ախտանշաններ են, եթէ առիթը չունինք արագ քննութիւն մը ընելու եւ գիտնալու թէ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ենք կամ ոչ, մենք մեզի պէտք է առանձնացնենք մեր տուներէն ներս եւ շփում չունենանք ուրիշներու հետ: Մենք պարտականութիւն ստանձնենք չտարածելու հիւանդութիւնը, մինչեւ որ կարենանք բժշկական միջամտութիւն ստանալ կամ քննութիւն անցընել եւ վստահ ըլլանք, որ մենք վարակուա՞ծ ենք պսակաձեւ ժահրով կամ ոչ: Ուրեմն առաջին իսկ ախտանշանը զգալէն  ետք,  պէտք է առանձնացնենք մենք մեզ:

Ընդհանրապէս հիւանդութեան պարագաներուն 80%-ը թեթեւ կ’անցընեն: Ախտանշանները քանի մը օր, մէկ շաբաթ, առաւելագոյնը երկու շաբաթ կրնայ ըլլալ զգան, յետոյ ինքնաբերաբար հիւանդութիւնը  կ’անցնի: Ան որոշ չափով ծանր հարբուխի կը նմանի, նոյնիսկ շատ մը պարագաներու թեթեւ հարբուխի կը նմանի, բայց առանձնանալը շատ կարեւոր է, չըսենք թէ լաւ կը զգանք այսօր, շատ քիչ փռնգտացինք կրնանք յարաբերիլ ուրիշներու հետ: Մօտաւորապէս երկու-երեք շաբաթ չենք կրնար յարաբերիլ մարդոց հետ: Պէտք է առանձնանանք եւ ախտանշանները վերանալէն ետք մէկ շաբաթ պէտք է շարունակենք առանձնանալ մինչեւ որ վստահ ըլլանք, որ այլեւս չենք վարակեր որեւէ մէկը:

Անշուշտ միշտ պէտք է նշենք, որ շունչի նեղութեան պարագային կամ ծանր ախտանշաններու պարագային ինչպէս՝ բարձր տաքութիւն, նեղացուցիչ հազ, երբ անհատը շունչ չի կրնար առնել կամ կուրծքին վրայ ծանրութիւն կը զգայ, շունչի նեղութիւն կը զգայ՝ այս բոլորին պարագային անհրաժեշտ է չսպասել երկար եւ շատ արագ դիմել բժշկական միջամտութեան: Եթէ աւելի թեթեւ են ախտանշանները՝ հարբուխ, հազ, թեթեւ տաքութիւն, յոգնածութիւն, կը թելադրուի հանգիստ ընել, չաշխատիլ տունէն ներս, առանձնանալ, շատ հեղուկ խմել եւ սննդարար ուտելիքներ ուտել, մանաւանդ բանջարեղէն եւ պտուղ: Այսինքն՝ պարզապէս մարմինին պէտք է օգնել, որպէսզի դիմադրէ հիւանդութեան եւ ախտանշանները աւելի չծանրանան:

Վերջաւորութեան կ’ուզեմ յիշեցնել երեք կարեւորագոյն կանխարգիլման միջոցներ՝ միշտ առնուազն երկու մեթր հեռաւորութիւն պահել իրարմէ, դիմակ կրել եւ յաճախակի ձեռքերը լուալ օճառով եւ ջուրով, կամ սրբել ալքոլով պատրաստուած հականեխիչ նիւթերով կամ ուղղակի ալքոլով:   

(Շար․1)

Հարցազրոյցը վարեց

Մարինա Պօղիկեան