Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը պիտի շարունակէ կոյր, խուլ եւ համր ձեւանալ։

Մինչեւ ե՞րբ քաղաքականութեան քարտէսին վրայ մոռցուած ժողովուրդին աղաղակները անպատասխան պիտի մնան…

Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը կառավարող պետութիւններու ճատրակի զինուորները հոս ու հոն պիտ հրուին… եւ ի հարկին դուրս շպրտուին, խեղճ ու կրակ սպասելով խաղի աւարտին…

Հասիչէն կը տառապի…
Ջուրի տագնապը կը շարունակուի…

Հայաբնակ Ճեզիրէի այս քաղաքը շաբաթներէ ի վեր զրկուած է ապրելու ամենակենսական իրաւունքէն՝ ջուրէն։
Թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած Ռաս ուլ Այնի շրջանին մէջ կը գտնուին այն հորերը, որոնք կ՚ոռոգեն Հասիչէն։ Թրքական ուժերը դէպի Հասիչէի նահանգ ջուրի հոսքը կը կասեցնեն, նահանգի բնակչութիւնը կը զրկուի ջուրէն եւ կը մնայ թուրքին քմահաճոյքին ենթակայ։

Այս անմարդկային արարքին աշխարհը կը հետեւի կուրօրէն, խուլ եւ համր ձեւանալով։
«Դուն ե՞րբ ոճրային արարքներուդ համար հաշիւ պիտի տաս մարդկութեան» ըսող մը չկա՞յ Թուրքիոյ…

Ո՞ւր են մարդկային իրաւունքները պաշտպանող ատեանները… ո՞ւր են առողջապահութեան համաշխարհային մարմինները, որոնք լոզունգներ հնչեցնելով կը քարոզեն մաքրութեան եւ ձեռքերը լուալու այլեւայլ ձեւերու մասին, որպէս համաճարակի կանխարգիլման հիմնական միջոցներ։
Այո՛, ձեռքերը կը լուանք, բայց չէ՞ որ նախ ջուր պէտք է, որ ողջ մնանք, յետոյ մեր ձեռքերը լուալու մասին մտածենք։

Լուրջ է ահազանգը, զգաստ մնա՛, ո՛վ մարդկութիւն…. Հասիչէն, նեռարեալ անոր հայ համայնքը, ողբերգութիւն կ՚ապրին… ազգային մարմիններն ու ՍՕԽ-ի խաչուհիները ճիգ չեն խնայեր ժողովուրդին օգնութեան հասնելու, սակայն բեռը ծանր է եւ նիւթական կարողութիւնները սահմանափակ։

Յիշենք, որ Հասիչէի բնակչութիւնը Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ բակը գտնուող ջրհորէն իր խմելու ջուրը կ՚ապահովէ ամէնօրեայ դրութեամբ, կարգի սպասելով, սակայն այլ գործածութիւններու համար ստիպուած ջուր կը գնէ շրջիկ ջուր վաճառողներէ։

Պսակաձև ժահրի համաճարակը,
տնտեսական աննախընթաց տագնապը, համաճարակի լայնածաւալ տարածումը,
ջուրի տագնապին ճնշուածութիւնը դժոխային քաղաքի կը վերածեն երբեմնի մշտադալար ու ջրառատ Հասիչէն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն