Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 81 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, 15 պարագաներ բուժուեցան եւ 4 վարակուածներ մահացան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2008-ի, մահացածներունը՝ 82-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 460-ի։