Ուրբաթ, 21 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը:

Երկիրին ղեկավարը բարձր գնահատած է Դաշնակցութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը համահայկական հարցերու լուծման համար՝ յատկապէս ընդգծելով Արցախի անկախութեան կերտման դժուար ճամբուն եւ հետագայ ձեռքբերումներուն ընթացքին կառոյցին ներդրած զգալի աւանդը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են լիբանանահայութեան աջակցելու անհրաժեշտութեան պարագային՝ անոնց հայրենադարձութեան կազմակերպումին, ինչպէս նաև Հայրենիքի անվտանգութեան համակարգին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն առնչուող շարք մը առանցքային հարցեր:

Արմէն Ռուստամեան Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է նաև անցեալ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ընդունած հռչակագիրին դրոյթները: Արայիկ Յարութիւնեանը հաւաստիացուցած է, որ հետևողական պիտի ըլլայ ազգային ու պետական շահերու կեանքի կոչման մէջ:

Հանդիպումին կը մասնակցէր նաև ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: