«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Երկիրն Այսօր» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Ան խօսած է լիբանանահայութեան պատուհասած աղէտին, հայկական սփիւռքի ամենածաղկուն համայնքներէն մէկուն` լիբանանահայութեան դիմագրաւած այս օրերու դժուարութիւններուն եւ ծանր վիճակի յաղթահարման նպատակով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ «Երկիր» հիմնադրամի նախաձեռնած «Օգնէ Եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրին մասին: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը անդրադարձած է նաեւ ՀՅԴ ԳՄ հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի աշխատանքներուն:
Աւելի ուշ Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուցած էր, որ «Օգնէ Եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրին համար մէկ օրուան մէջ հանգանակուած է 15 000 $: