«Արմէնփրէս».-Պուլկարիոյ Սիլիստրա քաղաքի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին 400 տարեկան է:

Սուրբ Աստուածածինը Պուլկարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին տարիներ առաջ յայտնաբերուած է կառուցման թուականը նշող քարէ սալիկը:
Եկեղեցւոյ գմբէթը եզակի է իր որմնանկարներով, որոնք, հետազօտողներուն կարծիքով, առանձնայատկութիւն ունին որպէս հայկական եկեղեցիներ: Մէկ այլ իւրայատկութիւն են նաեւ եկեղեցւոյ հարաւային եւ հիւսիսային կողմերու կեդրոնական աշտարակներու վերեւը գտնուող անցքերը, որոնք կը ծառայեն լսողութեան բարելաւման համար:
Պատերը ծածկուած են կրօնական իւղով ստեղծուած նկարներով, որոնցմէ շատերուն հեղինակը սիլիստրացի նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանն է:
Եկեղեցին կը գտնուի մօտաւոր 180 քմ. մակերեսով բակի մէջ, ուր կան նաեւ քահանայի համար փոքրիկ տնակ եւ շէնք մը, ուր նախապէս հաստատուած էր հայկական դպրոցը, իսկ այժմ կը գտնուի հանրային կեդրոնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը, որ նախագծած է Տիրան Ապելեան: