«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2020-ին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ցաւով յայտնեց, որ թերթերուն մէջ լոյս տեսած այն մեկնաբանութիւնները, թէ անկարելի է մօտիկ ապագային նոր վարչապետի նշանակում կատարել եւ կառավարութիւն կազմել, իրականութեան կը համապատասխանեն:

«Բայց եւ այնպէս տակաւին յոյս կայ նոր վարչապետի նշանակումին առումով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր վարչապետի նշանակումին առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանները պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրել:
«Այս առիթով Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին անունով կ՛ըսեմ, որ ներկայիս գովաբանական արտայայտութիւններու, նախապայմաններու եւ առժամեայ շահերու ժամանակը չէ: Լիբանան վտանգի ենթակայ է, քաղաքացիները վտանգի ենթակայ են, երկիրը աղէտի մէջ է, հետեւաբար մենք վաղը չէ, այսօր պէտք է համաձայնինք փրկութեան կառավարութեան մը շուրջ: Կառավարութիւն մը, որ նկատի պիտի ունենայ բոլոր բարեկարգումներու իրագործումը, որպէսզի Լիբանանի մէջ յոյսը վառ պահենք եւ արտաքին աշխարհէն օժանդակութիւն խնդրենք: Եթէ մենք մեզի չօգնենք, ոչ ոք մեզի պիտի օգնէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքին վարչապետի թեկնածուն ո՞վ է եւ արդեօք ան կը զօրակցի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի՞ն, թէ՞ անկախ անձնաւորութեան մը, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Մենք տակաւին այս հարցը կը քննարկենք: Եւ որպէսզի շատ անկեղծ պատասխանեմ այս հարցումին, կը հաստատեմ, որ նախքան վերջին կառավարութեան` ներկայ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կազմութիւնը, մենք մինչեւ վերջին վայրկեանը կառչած մնացինք Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան, հակառակ անոր որ Հարիրիի անձին շուրջ համախոհութիւն չկար: Սակայն ան մետասաներորդ պահուն իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց:
Այսօր վարչապետի անձէն անդին, մենք կը խօսինք ծրագիրին մասին, փրկութեան մասին: Եթէ այսօր նուազագոյն համախոհութիւնը ըլլայ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ փրկութեան ծրագիր մը իրագործելու, ապա մենք հաստատ անոր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրենք: Ցաւ ի սիրտ, այսօր չենք գիտեր, եթէ Սաատ Հարիրի կը փափաքի՞ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: 4 Օգոստոսին, պայթումի պահուն մենք Սաատ Հարիրիի մօտ կը գտնուէինք, եւ օրին ինք յայտնեց, որ պատրաստ չէ վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու: Այսօր պայմանները տարբեր են, եւ մենք քաջ գիտենք Հարիրիի ազգային կեցուածքներուն մասին, բայց եւ այնպէս ցարդ որոշում չկայ»: