ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ կառավարութիւնը, սերտելով համաճարակի պայմաններուն մէջ երկրի դպրոցներուն բացման կարելիութիւնները, յարմար նկատեց վերամուտը յայտարարել 13 Սեպտեմբերին, քննելէ եւ ի գործ դնելէ ետք Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ ներկայացուած 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին համար առողջապահական նախազգուշական աշխատանքներուն փաթեթը։