«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Труд» տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի իր գործընկերներուն հետ կ’աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու ուղղութեամբ:
«Կ’ակնկալենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի շուտափոյթ վերսկսումը: Կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մեր գործընկերներուն հետ», յայտնած է ան:
Լաւրով ընգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յուլիսեան սահմանային հակամարտութիւնը 1994-ի հրադադարի համաձայնագիրին երկրորդ համեմատաբար զանգուածային խախտումն էր: Նախարարը նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ վերջին 26 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ դաշտային հրետանիի, ականանետներու եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով բարձր ազդու մարտեր ընթացած են ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին, այլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի հատուածին մէջ:
Ինչպէս յայտնած է Լաւրով, Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն գործուն միջնորդական ջանքեր գործադրած է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: