«Երկիր».- 24 Օգոստոսին Երեւանի Աբովեան փողոցի Սբ. Աննա եւ Սբ. Կաթողիկէ եկեղեցիներու յարակից տարածքին մէջ սկիզբ առաւ «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 7-րդ միջազգային փառատօնի երեւանեան ծրագիրը:
Ծրագիրով նախատեսուած բացօթեայ շարժանկարային դիտումները պիտի ըլլան ամէն օր` ժամը 19:00-23:00, մինչեւ 1 Սեպտեմբեր: Կազմակերպիչներու խօսքով` հակառակ անոր որ շարժանկարներու դիտումով հետաքրքրուողներու քանակը մեծ է, բայց համավարակի պայմաններու լոյսին տակ տարածքին մէջ նախատեսուած է 40 հոգիի համար նստարան: «Նկատի առնելով, որ պարէտի նոր որոշումով մշակոյթի ոլորտը՝ թատերահամերգային նախաձեռնութիւնները եւ շարժանկարներու ցուցադրութիւնները կրնան տեղի ունենալ բացառապէս բացօթեայ տարածքներու մէջ` որոշեցինք այս տարի եւս իրականացնել փառատօնը: Այս տարի 85 երկրէն ներկայացած 3000-էն աւել դիմումներէն ընտրուած է 63 շարժանկար, 23 երկրէ: Նախաձեռնութիւններու որոշումները կը կատարուին առցանց հարթակի վրայ, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի ըլլան բազմաթիւ ֆիլմերու բացօթեայ դիտում-քննարկումներ, համերգային ծրագիրներ եւ առցանց հանդիպումներ», յայտնեց փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Աննա Կարապետեան:
Նշենք, որ կինոդիտումներէն առաջ ներկաներուն ջերմութիւնը կը չափուի, կը կրեն դիմակ եւ կը պահպանեն ընկերային հեռաւորութիւն: