«Անթիլիաս».-Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը:
Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել հետագայ աշխատանքներուն մասին:
Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ առցանց նիստերով կ՚աշխատի իրականացնել համախմբումի տարբեր ձեւաչափերով նիստեր եւ քննարկումներ:
Այդ ծրագիրներէն բխած եւ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով որոշուած էր գումարել տարածաշրջանային առցանց նիստեր, որոնցմէ առաջինը Միջին Արեւելեան մակարդակով տեղի ունեցած է արդէն:
Շուտով կը կայանայ նաեւ Եւրոպայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու նիստը: Այս բոլոր աշխատանքներուն նպատակը լրագրողական ցանցը աշխոյժ պահելն է եւ համախմբուածութեան կանոնաւոր կշռոյթներ ապահովելը:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց մամլոյ ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները, որոնք հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՚աշխատին միշտ արծարծ պահել անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցող հայ մամուլի առաքելութիւնը:
Իր կարգին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, կարեւոր նկատելով մամուլը համախմբելու եւ կառուցակարգուած ձեւով աշխատելու իրողութիւնը՝ յայտնեց, որ պետութիւնը միշտ պատրաստ է սատար կանգնելու Հայրենիք-Սփիւռք ուղղութեան վրայ մամուլը ներկայացնող գործիչներու համախումբ աշխատանքներուն:
Խմբագիրները անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայրապետին իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան` մամուլի պահպանման ու զարգացման եւ առաքելութեան անշեղ երթին համար: