«Արմէնփրէս».- Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը կը հաղորդէ, որ Պելճիքան տեղեկացուց Եւրոպական Խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերուն աւարտը:
«24 Օգոստոս 2020-ին Պելճիքան յայտնած է Եւրոպական Խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու մասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: