«Էրմէնիհապեր».-24 Օգոստոսին ներկայիս Թուրքիոյ Աղրը նահանգին մէջ գտնուող հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր լերան` Արարատի կատարին տեղացած է այս եղանակի առաջին ձիւնը:
Վերջերս այդ շրջանին մէջ տեղացող յորդառատ ձիւնը պիպլիական լերան գագաթին ձիու տեսքով պատկեր կը կազմած է: Գագաթը գրեթէ ամբողջովին ճերմկած է:
Հայաստանի սահմանէն 32 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Արարատը 4.000 մեթրէն սկսած մինչեւ գագաթ ձիւնով պատուած է: Այդ նահանգին մէջ վերջին շրջանին նկատուած է ջերմաստիճանի անկում: Արարատի գագաթին վրայ տեղացող եղանակի առաջին ձիւնը կը կապեն ձմրան մօտալուտ գալուստին, զայն անուանելով` «Ձմրան Աւետաբեր»:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ ձիւնապատումէն ետք դէպի լեռը բացուած է հրաշալի տեսարան մը:
Արարատի մեծ եւ փոքր գագաթներու բարձրութիւնը կը կազմէ 5165 մ. եւ 3925մ.։
Աւելցնենք, որ թուրքերը փոխած են Արարատ լերան անուանումը եւ իրենց քարտէզներուն ու տեղեկագիրներուն մէջ գրած են «Աղրը Տաղ»: