Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետրսըն յայտնեց, որ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի ժողովը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով 3 օր յետաձգուելէ ետք այսօր յետմիջօրէ ժամը 2:00-ին գումարուեցաւ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի յարկէն ներս:
Պետրսըն յայտնեց, որ մասնակցող պատուիրակութիւններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 4 պարագաներ յայտնաբերուելէ ետք անոնք յարմար քննութիւններու ենթարկուեցան եւ անոնց իրավիճակը հետապնդող բժշկական խմբակները տեղեկացուցին Պետրսընի գրասենեակին, որ վարակուած պարագաներուն վիճակը կայուն է եւ կրնան ժողովի մասնակցիլ, պայմանաւ որ հեռաւորութիւն պահուի բոլոր մասնակիցներուն միջեւ:
Յիշենք, որ նախորդ Երկուշաբթի՝ 24 Օգոստոս 2020-ին, ժողովը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ մասնակցող պատուիրակութիւններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներ յայտնաբերուեցան: