ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնները ներկայացուցած են «Օգնէ՛ Հայրենակիցիդ — #Միասինկըյաղթենք» ծրագիրին ընթացիկ հաշուետուութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Սիրելի՛
հայրենակիցներ,

16 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ մարզային կառոյցներու օժանդակութեամբ սկիզբ առաւ «Օգնէ՛ Հայրենակիցիդ — #Միասինկըյաղթենք» ծրագիրը, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ բնակող ընկերային առումով անապահով եւ ճգնաժամի առջեւ միայնակ մնացող ընտանքիներուն օգնութեան տրամադրումն էր:

Ծրագիրին համար սկիզբ առաւ հանրային դրամահաւաք, որմէ գոյացած միջոցներով կը պատրաստուին առաջին անհրաժեշտութեան պարենամթերքով արկղեր եւ կ’ուղղուին տարբեր մարզերու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն:
Մինչ օրս ընդհանուր առմամբ նուիրատուներու շնորհիւ մուտքագրուած է մօտաւորապէս 26.000.000 դրամ: Սոյն աշխատանքներուն մէջ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերած են ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ):
Մեր նուիրատուներու կողմէն տրուած միջոցներուն շնորհիւ մինչ օրս կարելի եղած է օժանդակել մօտաւորապէս 2700 ընտանիքի, որոնք մենք հասցուցած ենք Հեաստանի 8 մարզերուն եւ Երեւանի մէջ բնակող ընտանքիներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք օժանդակութիւնը ըստ մարզերու.
Վայոց Ձոր- 155 ընտանիք
Տաւուշ- 285 ընտանիք
Գեղարքունիք-306 ընտանիք
Շիրակ-354 ընտանիք
Կոտայք-85 ընտանիք
Լոռի-482 ընտանիք
Արագածոտն-265 ընտանիք
Սիւնիք-300 ընտանիք
Երեւան-170 ընտանիք
Երեւան, Հայրենադարձներ 265 ընտանիք
Այս փուլով ծրագիրը կ’ամբողջանայ Տաւուշի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ, իսկ Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերէն ներս ծրագիրը ամբողջութեամբ կ’իրագործուի յառաջիկային:
Ծրագիրը այժմ ընթացքի մէջ է: Սակայն ներկայիս նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մեր ջանքերը ուղղած ենք վերոյիշեալ համայնքներուն մեր կարողութիւններու սահմաններով օժանդակելու:
Մենք վճռական եւ անկոտրում ենք` երկու ուղղութիւններով շարունակելու մեր աշխատանքները:
Այս ծրագիրը կարելի դարձուցած է իրագործել բացառապէս մեր նուիրատուներուն շնորհիւ, որոնք այս դժուարին ժամանակաշրջանին մեզի վստահած են հայրենակիցներուն օգնելու պարտաւորութիւնը: Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ, յատկապէս` ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանը, կը շարունակուի «Օգնէ Հայրենակիցիդ — #Միասինկյաղթենք» նուիրահաւաքի աշխատանքները: Կրկին մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նուիրատուներուն եւ ՀՅԴ համահայկական կառոյցին, որուն միջոցով մատչելի եղաւ կազմակերպել եւ իրագործել այս կարեւոր ծրագիրը:
Կից կը ներկայացնենք մինչեւ օրս ծրագիրին գումար նուիրաբերողներու ամբողջական ցանկը:
«Օգնէ Հայրենակիցիդ – #Միասինկյաղթենք» ծրագիրի նուիրատուները
1. ԱՄՆ-ի Նոր Ջուղա Զարթօնք Միութիւն
2. Արեւելեան ԱՄՆ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւն
3. Քանատայի ՀՅԴ կառոյց եւ հայկական համայնք
4. Անգլիոյ ՀՅԴ կառոյց եւ համակիրներ
5. ԱՄՆ-ի Սասուն Հայրենակցական Միութիւն
6. ԱՄՆ Ալեքս Փիլիպոս դպրոցի սաներ եւ ուսուցչական կազմ
7. ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ընկերներ
8. ՀՅԴ Պելճիքայի Երիտասարդական Միութիւն
9. ՀՅԴ Ֆրանսայի Երիտասարդական Միութիւն
10. ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական Միութիւն
11. ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն
12. ՀՅԴ Հոլլանտայի Երիտասարդական Միութիւն
13. ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն
14. Նոր Ջուղայի Կրօնական խորհուրդ
15. Յովիկ Ջուլհաճեան (Հոլլանտա)
16. Նշան Փիրումեան (ԱՄՆ)
17. Վիգէն Պաղումեան (Թեհրան-Իրան)
18. Վաչէ Թովմասեան (ԱՄՆ)
19. Էլմա Խաչատրեան (Նոր Ջուղա -Իրան)
20. Նազարէթ Խարբերթեան (Հայաստան)
21. Ոմն Քանատա
22. Հրանդ Մարգարեան (Հայաստան)
23. Ոմն Հայաստան
24. Հիլտա Քոթանճեան (Պելճիքա)
25. Ոմն Հայաստան
26. Արթուր Աղաբեկեան (Արցախ)
27. Ոմն (Անգլիա )
28. Արտաշէս Չոքալեան
29. Սարհատ Փափազեան (Հայաստան)
30. Վրէժ եւ Լիւսի Հալէպեան
31. Ոմն (Հայաստան)
32. Քրիստինէ Վարդանեան (Հայաստան)
33. Ազատուհի Սիմոնեան (Հայաստան)
34. Արեւիկ Աշեգեան (Հայաստան)
35. Ռուբէն Պօղոսեան (Հայաստան)
36. Արմէն եւ Շահէն Աբուլեան (ԱՄՆ)
37. Վարդգէս – Շանթ Շղրդումեան (ԱՄՆ)
38. Ոմն ( Հայաստան)
39. Րաֆֆի Մարտիրոսեան ԱՄՆ
40. Ոմն (Հայաստան)
41. Ռազմիկ Ազիզեան (Հայաստան)
42. ՀՅԴ Վանաձորի Երիտասարդական Միութիւն
43. Նժդեհ Լափաճեան (Հայաստան)
44. Սալբի Ստեփանեան (Հայաստան)
45. Թամար Քէլէշեան (Հայաստան)
46. Ծովակ Մանճիկեան (Հայաստան)
47. Ոմն (Հայաստան)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
«Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական եւ
Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւններ