Ուսուցչութիւնը անսահման ու անփոխադարձ նուիրում է, իսկ հայ ուսուցիչը, յատկապէս սփիւռքի տարածքին, ծառայութեան մարմնաւորումն է։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 1Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ ողջերթի եւ պարգեւատրման երեկոյ՝ ի պատիւ վաստակաշատ կրթական մշակներ տիար Գէորգ եւ Տիկին Գարոլին Յակոբեաններու, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, տնօրէններու եւ միջնակարգ միացեալ վարժարանի ուսուցչաց կազմին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Սագօ Սիմոնեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ զեկոյցով ներկայացուց պարգեւատրեալ կրթական մշակներու երկարամեայ վաստակը, ապա հրաւիրեց օր. Անահիտ Թէօքմէճեանը՝ արտասանելու հոգաբարձութեան խօսքը։
Վերջինս ներկայացուց հայ ուսուցիչին դերը ազգային վարժարաններէն ներս, ապա վեր առնելով տիար Գէորգի եւ Տիկին Գարոլինի անձնուրաց նուիրումը, բարձրօրէն գնահատեց իրենց երկարամեայ վաստակը, մաղթելով իրենց յաջողութիւն եւ հեզասահ ճանապարհ դէպի նորանոր յաջողութիւններու նուաճում։

Այնուհետեւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն, երկրչփ. տիար Կարպիս Շիրիքճեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, շեշտելով պարգեւատրեալ զոյգին օրինակելի ընթացքը, որպէս տիպար եւ նուիրեալ ուսուցիչներ։
Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին առաքելութեան ու ըսաւ. «Հայ ուսուցիչին ներկայութիւնը ազգային վարժարաններէն ներս, որպէս դասատու զանազան նիւթերու, կրկնակի պարտաւորութիւն է՝ պահելու աշակերտներուն ազգային ոգին եւ հետեւելու աշակերտին ուսումնական ընթացքին, որպէս հայր կամ մեծ եղբայր»։ Ապա գնահատեց անոնց աշխատանքը՝ մաղթելով յաջողութիւն իրենց նոր ծառայողական գործերուն մէջ։
Աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը հայկական խաչով պարգեւատրեց զիրենք, իսկ հոգաբարձութիւնն ու միջնակարգի ուսուցչաց կազմը յատկանշական նուէրներով ողջերթի բարեմաղթանքներ յայտնեցին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն