«Երկիր».-Լիբանանահայ երեք համայնքապետներու հովանաւորութեամբ եւ լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինի նախաձեռնութեամբ` 2 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հանդիպակաց վայրին մէջ` Պանդուխտի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ պայթումի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումին մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար:
Նաեւ առցանց սփռուած ձեռնարկը հանդիսապետած են երեք համայնքապետները` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Աղօթքին մասնակցած են Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ ԱլեքսանդրՄաթոսեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ, հայ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, հոգեւորականներ, Ազգային իշխանութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ այլ միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զոհերու հարազատները:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնու’ծ են նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀԳՄ անդամ Աշոտ Սիմոնեան, որոնք այս օրերուն յատուկ ինքնաթիռով Լիբանան ուղեկցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին եւ «Երկիր» հիմնադրամի «Օգնէ Եղբօրդ – Լիբանան» ծրագիրով պատրաստուած սննդամթերքի 1000 արկղ մարդասիրական բեռը: