Եթէ ակնարկ մը նետենք արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան վրայ, 1516-էն՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն սկսեալ հինգ դարերու տեւողութեան, այդ օրերու թրքական նոյն ախորժակներուն երանգները պիտի տեսնենք այսօր եւս ողջ արաբական աշխարհին մէջ՝ բռնագրաւելու արաբական երկիրներու հողերը, տիրանալու այդ երկիրներու հարստութեան, շահագործելով իւրաքանչիւր երկրի քաղաքական հարցերը, նոյնիսկ անոնց ընկերութեան կարգ մը մասնիկները՝ «փրկարար»ի նորօսմանեան խոստումներով։
Այս նոյն ախորժակներով Թուրքիան թափանցեց Սուրիա, Լիպիա, կը թափանցէ Լիբանան, տեղ մը շահագործելով մարդոց կրօնական հակումները, այլ տեղ մը՝ ազգային ազատագրական պայքարի նկրտումները, ինչպէս է պարագան Պաղեստինի հարցին շահագործման։ Հարց մը, որ Թուրքիոյ կողմէն առաւելագոյնս շահագործուեցաւ, նենգաբար շոյելու միլիոնաւոր արաբներու ազգային ապրումը, ձեւականօրէն Իսրայէլի դէմ Համասին մերձենալու փորձեր կատարելով, գործնական գետնի վրայ Իսրայէլ-Թուրքիա ռազմավարական մակարդակի հասնող գործակցութիւնը ամրապնդելով։ Փաստօրէն Անգարա «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան իշխանութեան օրօք, Թել Աւիւի զինուորական եւ առեւտրական մեծագոյն գործակիցը դարձաւ։ Իսրայէլի հետ այս յարաբերութիւնը եւս պատմական արմատներ ունի. Թուրքիան առաջին մահմետական երկիրն է, որ 1949-ին ճանչցած է սուրիական եւ արաբական այլ հողեր բռնագրաւող Իսրայէլի պետութիւնը եւ արաբական երկիրներու հետ յարաբերութեան հաշւոյն զարգացուցած է իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։
Թուրքիան ամէն ժամանակներու մէջ ջանք չէ խնայած նորօսմանեան իր ախորժակներու բաւարարման համար նսեմացնելու ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ Եգիպտոսի աշխարհաքաղաքական դերը տարածաշրջանին մէջ։
Պատմութիւնն ու ներկան մէկ հարթակի վրայ տեղադրելը բաւարար է արաբական երկիրներուն համար, զգաստութեամբ հետեւելու թրքական աւերիչ ներկայութեան եւ ամէն գնով պահպանելու իրենց երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու տարածաշրջանային կարեւոր դերը։
Իտլիպն ալ օրինակ մըն է թրքական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան։
Մինչեւ օրս ի՞նչ կ’ընէ Թուրքիան Իտլիպի մէջ, եւ ոչ միայն Իտլիպի, իր բռնագրաւած սուրիական բոլոր տարածքներուն վրայ՝ Ճարապլուսէն Պապ, մինչեւ արեւելեան Եփրատի ափեր,  բացի սուրիական այդ շրջանները թրքացման քաղաքականութեան ենթակայ դարձնելէ, զանոնք թրքական արտադրութիւններու շուկայի վերածելէ, թրքական լիրայի օգտագործումը պարտադրելէ, այլ խօսքով քայլ առ քայլ իր ներկայութիւնը օրինականացնելու փորձեր կատարելէ, մերթ ընդ մերթ ալ զանազան պատրուակներով տեղացի ժողովուրդը իր կենսական կարիքներէն իսկ զրկելէ։ Հասիչէի մէկ միլիոն բնակչութիւնը ծարաւ ձգելու օրինակը վառ կը մնայ։
Իտլիպը, յատկապէս, ո՛չ քրտական ներկայութեամբ կը սպառնայ Թուրքիոյ անվտանգութեան, ոչ ալ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութիւն կայ այնտեղ։ Իտլիպի մէջ կայք հաստատած են թրքական ուժերու հետ գործակցող ահաբեկչական խմբաւորումներ։ Իսկ Իտլիպի շրջանը ապահովական գօտի յայտարարելն ալ այլ պատրուակ մըն էր Թուրքիոյ համար, որովհետեւ ո՛չ զինեալները դուրս եկան Իտլիպի շրջանէն, այնպէս ինչպէս պէտք է ըլլար ապահովական որեւէ գօտիի մէջ հաստատուած զինեալներու պարագային, ոչ ալ Թուրքիան քայլեր առաւ զիրենք երկրէն դուրս բերելու, որովհետեւ այդ զինեալները իր խաղաքարտերն էին, զանոնք իր երկիրը պիտի չտեղափոխեր բնականաբար, ի հարկին այլ երկիրներու վրայ յարձակումներ կազմակերպելու համար պիտի օգտագործէր ահաբեկչական այդ դրամագլուխը, ամբողջովին չպարպելով Իտլիպը նման խմբաւորումերէ, որովհետեւ անոնց միջոցաւ նաեւ կը փորձէ ճնշում բանեցնել Սուրիոյ կառավարութեան եւ Ռուսիոյ վրայ։
Ուստի թրքական ուժերուն, առանց Սուրիոյ կառավարութեան արտօնութեան, Սուրիա թափանցելու  պատրուակները, ոչ մէկ արդարացում կրնան ունենալ։ Սուրիական բանակն է միակ պաշտպանն ու տիրականը այս երկրին, եւ անոր իրաւունքն է պայքարիլ օտար ուժերու դէմ մինչեւ որ վերջնականապէս դուրս բերուին անոնք արաբական այս հանրապետութեան սահմաններէն։
Արդեօ՞ք  Թուրքիոյ սանձարձակութեան դէմ դնելու համար արաբական երկիրները պիտի յաջողին գործակցելով մէկ ճակատի վերածուիլ։ Նշոյլներ կ’երեւին, սակայն յանդուգն քայլերու պակասն ալ երեւելի է տակաւին։
«Գ.»