Շաբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 63 պարագաներ արձանագրուեցան, 17 պարագաներ բուժուեցան եւ 3 պարագայ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 3104-ի, մահացածներունը՝ 130-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 715-ի։