«Երկիր».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն 5 Սեպտեմբերին առաւօտեան ստացաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին եւ «Երկիր» հիմնադրամի «Օգնէ Եղբօրդ-Լիբանան» նախաձեռնութեամբ Լիբանան հասած սննդամթերքի 1000 արկղները:
Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունին շնորհակալական խօսք ուղղեց Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցին եւ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք իրենց օժանդակութեան ձեռքը մեկնեցին լիբանանահայ համայնքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Յակոբ Բագրատունին հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նիւթականէն զատ նաեւ բարոյական խոր նշանակութիւն ունի եւ այս ճգնաժամի փուլին կը գօտեպնդէ համայնքը: Ան այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ հայաշխարհի բոլոր համայնքներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց որ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը այս հանգրուանին լիբանանահայութեան կողքին է եւ մաղթեց, որ լիբանանահայութիւնը շուտով յաղթահարէ այս ծանր փուլը եւս: Ան ուժ եւ կորով մաղթեց Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցին, որպէսզի այս անգամ եւս յաջողի իր ժողովրդանուէր ծառայութեան ու առաքելութեան մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի դիմատետրի էջին մէջ նշուած տեղեկութեան համաձայն, արկղները յառաջիկայ օրերուն ՀՅԴ ակումբներուն եւ կոմիտէութիւններուն միջոցով պիտի հասնին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: