Ընդհանրապէս բոլորս ժահրերէն կը զգուշանանք, որովհետեւ գոյութիւն չունին ժահրերուն մեծ մասէն մեզ պաշտպանող պատուաստներ, որոնք մեր մարմինը կը զօրացնեն եւ կը պայքարին ժահրերուն դէմ: Այս պատճառով ալ միշտ կանխարգիլման միջոցներու կիրարկումը աւելի կարեւոր կը համարենք քան բուժումը:
Երբ որեւէ մէկը վարակուի պսակաձեւ կամ այլ ժահրով մը, իր մարմինին դիմադրողականութիւնը պիտի տկարանայ եւ վտանգաւոր բարդութիւններ պիտի յառաջանան, յատկապէս այն պարագաներուն, երբ մարմինի դիմադրողականութիւնը տկար կ’ըլլայ, ինչպէս օրինակ՝ ծերերու, երախաներու եւ բոլոր անոնց, որոնք քրոնիկ հիւանդութիւններէ կը տառապին։ Դժբախտաբար ժահրերուն պատճառով մեր ունեցած մարդկային կորուստները այս խումբերուն կը պատկանին: Այս պատճառով պէտք է ուշադիր ըլլալ մեր սննդեղէնի ընտրութեան ընթացքին, որպէսզի զօրացնենք մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը, մանաւանդ երբ դիմադրողականութեան հարցեր ալ կը դիմագրաւենք:
Նախ անդրադառնանք այն սննդեղէնին, որ կը զօրացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը եւ պէտք է մտնէ մեր օրական ուտեստին մէջ։
Այն անձերը, որոնք ունին երկաթի, D կենսանիւթի եւ զինկի պակաս, մարմինին աւելի տկար դիմադրողականութիւն կ’ունենայ, այս պատճառով շատ կարեւոր է հետեւիլ բժիշկին խորհուրդին եւ սնունդին կողքին, հարկ եղած պարագային օգտագործել կենսանիւթեր պարունակող լրացուցիչ դեղահատեր եւս։
Այս կենսանիւթերով մարմինը հարստացնելը բաւարար չէ, եթէ կ’ուտենք մեծաքանակ ճարպ կամ շաքար պարունակող ճաշեր, որոնք իրենց կարգին, կը տկարացնեն մարմինին դիմադրողականութիւնը։
C Կենսանիւթ
Ինչպէս գիտենք մարմինին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու համար կարիք  ունինք այս կենսանիւթին, որ կը գտնուի շարք մը պտուղներու եւ բանջարեղէնին մէջ։ Այսպէս՝ նարինջը, կը բաւարարէ մեր օրական պահանջքին 75-85% առ հարիւրը, ճակնդեղը եւ կարմիր կամ նարնջագոյն այլատեսակ պտուղներ եւ բանջարեղէն, որոնք կը կոչուին anthocyanin, կը զօրացնեն մարմինին դիմադրողականութիւնը։ Կարմիր կամ դեղին պղպեղը, կը բաւարարէ C կենսանիւթի օրական մեր պահանջքին100%-ը, իսկ սոխը եւ սխտորը, որոնք կը կոչուին anti viral, ժահրերու դէմ մարմինին դիմադրողականութիւնը կը զօրացնեն։ Մածունը եւս, որ հարուստ է probiotic-ով, կը զօրացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը, իսկ խաղողը, սալորը, թութը, որոնք նաեւ կը կոչուին anthocyanin եւ հարուստ են anthocydentներով, մեր օրական սնունդին մէջ կարեւոր տեղ պէտք է գրաւեն։ Այստեղ կարեւորութեամբ յիշենք նաեւ, որ սպիտակուցի (protein) օրական մեր կարիքն ալ պէտք է ապահովել կենդանական կամ բուսական աղբիւրներէ՝ հաւկիթ, պանիր, մածուն, հաւի կուրծք, ոսպ, սոյա եւայլն եւ բաւարար չափով ջուր խմել՝ առնուազն 1,5-2 լիթր:
Ուրեմն, եթէ օրական ուտենք մեր մարմինին անհրաժեշտ կանաչեղէնն ու պտուղը եւ հեռու մնանք շատ ճարպ եւ շաքար պարունակող ուտելիքներէն, որոնք կը տկարացնեն մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը, կը ստանանք նաեւ մեզի անհրաժեշտ սպիտակուցը, հացահատիկներու եւ ընդեղէններու քիչ քանակն ու անհրաժեշտ հեղուկը կը զօրացնեն մեր մարմինին դիմադրողական ուժը:
Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ