“Արմէնփրէս”._Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ 11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Մուհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հեռաձայնային զրոյցը:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ օրակարգային շարք մը հարցեր: Կարեւոր համարուած է աւանդական բարեկամութեան եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ծաւալումը եւ գործակցութեան ընդլայնման միասնական աշխատանքներու ձեռնարկումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան հարցերուն եւ առկայ մարտահրաւէրուն։