Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Կիրակի պսակաձեւ ժահրով վարակուած 30 պարագաներ արձանագրուած են միայն, մինչդեռ մէկ օր առաջ վարակուածներուն թիւը 60 էր։ Այսինքն 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը նուազած է կէսի։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 3506-ի, մահացածներունը՝ 152-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 827-ի։