«Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 Սեպտեմբերին ընդունուած  է Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ ալ  Սիսիի կողմէ:

Նախարար Մնացականեան խորին երախտագիտութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը քայլեր ձեռնարկելու հայ-եգիպտական  գործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման համար: Իբրեւ գործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ` զրուցակիցները առանձնացուցած են ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտակրթական ոլորտները:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը եւ Եգիպտոսի նախագահը բարձր գնահատեցած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները` արժեւորելով եգիպտահայ համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման մէջ: ՀՀ ԱԳ նախարարը արժեւորած է Եգիպտոսի պատմական դերը եւ այժմու փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան առնչուող հարցեր: ՀՀ ԱԳ նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ  անկայունութիւն արտահանելու փորձերու գծով` կարեւոր համարելով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար  միջազգային գործակցութիւնը: