Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, Սուրիոյ Երթեւեկութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ արտաքին աշխարհէն երեք օդանաւեր Սուրիա պիտի ուղղուին:

Սուրիական Օդանաւային Ընկերութեան դիմատետրի էջով հաստատուած է որ «Երթեւեկութեան Նախարարութիւնը կը յայտարարէ Յորդանանէն – Ռուսիայէն – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն երեք թռիչքներու սուրիական օդային երթուղիներու ճամբով Սուրիա ուղղուիլը՝17, 20 եւ 21 Սեպտեմբերին:

Համաճարակին հետեւանքով շրջափակումը վերջին ամիսներուն ազդած էր օդային երթեւեկութեան ոլորտին վրայ՝ թռիչքներու դադրեցումին եւ միջազգային օդակայաններու փակման պատճառով: Շատեր կը սպասեն թռիչքներու վերսկսումին՝ զբօսաշրջութեան, բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու հանդիպելու, կամ ուսման եւ աշխատանքի ուղղուելու նպատակով: