Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը տեղեկացուց, որ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս պատասխանեց Արցախին նեցուկ կանգնելու իր դիրքը քննադատող՝ Ատրպէյճանի դեսպան Թահիր Թաղիզատէի նամակին՝ յայտնելով, որ անիկա կը բովանդակէ բազմաթիւ սխալ կարծիքներ:

«95 առ հարիւր հայկական բնակչութեամբ Արցախի հայերը, որոնք 1991-ին իրենց անկախութեան հոլովոյթին ձեռնարկեցին, Ատրպէյճանի ցեղային մաքրագործման փորձով արդարացուած ինքնորոշման նոյն իրաւունքը ունին ինչպէս Թիմորի, Էրիթրիոյ եւ Քոսովոյի ժողովուրդները, որոնք նոյնպիսի ցեղային մաքրագործման փորձէ տառապելով՝ ինքնորոշումով պարգեւատրուեցան», կ:ըսէ Քոքս՝ աւելցնելով. «Կը հաւատամ, որ հայերը իրաւունք ունին Նախիջեւանին վերատիրանալու: Կամ, թերեւս, Ատրպէյճանին պատուաւոր ելք մը ապահովելու համար կրնայ ներկայացուիլ Լեռնային Ղարաբաղի իբրեւ հայկական հող ճանչցուելու իրաւունքին փոխարէն՝ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի բռնագրաւումին ընդունումը: Կը շարունակէ լուրջ մտահոգութիւն մնալ հայերու նկատմամբ ատելութիւն ջատագովելու Ատրպէյճանի հաստատ քաղաքականութիւնը, ներառեալ` դպրոցներուն մէջ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սորվեցնել եւ Հայաստանը «թիւ մէկ թշնամի» հռչակելը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրահրիչ  յայտարարութիւնները, թէ՝ «հայերը պէտք չէ մոռնան, թէ մեր բանակին ունեցած գերարդիական հրթիռային համակարգերը կրնան ճշգրիտ հարուած հասցնել Մեծամօր հիւլէական կայանին»: Այսպիսի թշնամական քաղաքականութիւն մը կ՛ընդգծէ համատարած մտահոգութիւնը, թէ Ատրպէյճան պատերազմի եւ անգթութեան յանձնառու է` երկխօսութեան ու իրապէս արդար լուծումի փոխարէն: Կը հաւատամ, որ բոլոր կողմերուն համար հրատապ կարիք կայ կառչելու բարոյական արդարութեան հիմնական սկզբունքներուն, եւ մեծապէս պատրաստակամ եմ հանդիպելու այս ողբերգական կացութիւնները քննարկելու համար»: