«Հայրենիք».-Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, առցանց պիտի նշուի Պոսթընի անկախ ձայնասփիւռի կայանի 40-ամեակը։

Հիմնուած 1980-ին, Ժիրայր Ղարիպեանի կողմէ, Պոսթընի անկախ ձայնասփիւռի կայանը աւելի քան յիսուն հազար ունկնդիրներ ունի։ Ժիրայրի մահէն ետք, իր կողակից Եւգինէ Ղարիպեանն է, որ ստանձնած է պատասխանատու տնօրէնի պարտականութիւնը եւ բծախնդրօրէն կը կատարէ իր պաշտօնը։