21 Օգոստոս 2020-ին, Լիպիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի կողմերուն զինադադարի որոշում գոյացնելը Թուրքիոյ համար ոչ-գոհացուցիչ անակնկալ մը հանդիսացաւ, որովհետեւ Թուրքիա զինադադարի որոշումին վերջին տեղեակ եղողներէն մէկը եղաւ, հակառակ լիպիական տագնապին մէջ ազդեցիկ կողմ համարուելուն:

Մինչ կարգ մը պետութիւններ եւ միջազգային հաստատութիւններ, ինչպէս ՄԱԿ-ը, Արաբական Լիկան, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան, Իտալիան իրարայաջորդ հաղորդագրութիւններով խրախուսեցին զինադադարը, թրքական դիւանագիտական կողմերն ու լրատուամիջոցները լուռ մնացին՝ սպասելով «բարձրագոյն դրան»  կարծիքին:   48 ժամ «դրական լռութիւն» պահելէ ետք, թրքական մամուլը բացայայտեց երկրին մօտեցումը․ Անգարան, անտեղեակ ըլլալով համաձայնութեան, գոհ չէ անոր արդիւնքէն, փաստօրէն ո՛չ վերջին օրերու նախագահին արտասանած ճառերուն մէջ, ոչ ալ նոյնիսկ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած իրարայաջորդ հաղորդագրութիւններուն մէջ յիշատակում մը անգամ եղաւ զինադադարին: Այս առիթով, առաջին յօդուածը հրապարակուեցաւ 24 Օգոստոս 2020-ին, Էրտողանի համակիր «Հապեր Թուրք» պատկերասփիւռային կայանի կայքէջին վրայ, լրագրող Չեթին Չեթինարի ստորագրութիւնը կրող յօդուածով: Չեթինար կը շեշտէր, որ համաձայնութիւնը ձախողութեան պիտի մատնուի եւ Լիպիան պիտի քայքայէ: Միւս կողմէ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու կայքերուն վրայ հրապարակուած յօդուածներ հաստատեցին, որ յիշեալ համաձայնութիւնը ձաղոխութեան պիտի մատնէ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ «ՊԱՏԻ՞Ժ» ՀԱՖԹԱՐԻՆ

ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան առաջնորդին՝ Գերմանիոյ ղեկավարութեամբ Լիպիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը գոյացաւ  յետ քաղաքացիական պատերազմի կողմերուն եւ անոնց զօրակիցներուն միջեւ բացայայտ եւ գաղտնի հանդիպումներու։ Թուրքիան զերծ կացուցուեցաւ այս գործընթացէն՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ Լիպիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանին յաճախակի հանդիպումներուն որպէս արդիւնք: Հեռացումին պատճառը այն էր, որ յիշեալ երկու պետութիւնները եւ Լիպիոյ տագնապին առնչուող բոլոր կողմերը տեղեակ էին, որ Թուքիա զինադադարի որոշումին դէմ է։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն պաշտօնապէս յայտարարած էր այս մասին Եգիպտոսի նախաձեռնած «խաղաղութեան նախաքայլ» խորհրդաժողովին ըսելով. «Այս նախաձեռնութիւնը(զինադադարը-Խմբ․) մեզի համար մեռեալ կը համարուի նախքան ծնունդը, որովհետեւ ճշմարտացի չէ  եւ իրականութեան չի համպատասխաներ»:

Կասկածէ վեր է, որ Թուրքիոյ ազգային շահերը կը հակադրուին Լիպիոյ տագնապին առնչուող պետութիւններու շահերուն, որովհետեւ Անգարա կը միտի Լիպիոյ պատերազմը շահարկել եւ չէ հետքրքրուած անոր հետեւանքներով, բացի եթէ Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան նախագահ Ֆայէզ Սարրաճ յաջողի Լիպիոյ ամբողջ աշխարհագրութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առնել, ինչ որ անկարելի է:

Այս միտքը կը հաստատէ նաեւ թուրք քաղաքական անկախ գործիչ, ռուս-թրքական արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտ Այտըն Սեզէր, երբ «Ալ Նահար ալ Արապի» թերթին կը յայտնէ. «Թուրքիա անհանգստացած է զինադադարի որոշումէն, որովհետեւ համաձայնութեան յօդուածները կը հակասեն Թուրքիոյ շահերուն», շեշտելով, որ համաձայնութիւնը զուտ ռուսական որոշում է, իսկ Մոսկուա տարբեր ամէն միջոցի դիմած է յաջողցնելու զայն:

Թրքական «Մետիա Կիւնտեմ» քաղաքական կայքի յօդուածագիր Սեզէր կը պարզէ, որ «Թրքական հովանաւորութիւնը վայելող լիպիական Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Թրիփոլիի վրայ հաստատած վերահսկողութիւնը, իրականութեան մէջ, ռուսական պատասխան մըն էր Հաֆթարին՝ զինադադարի որոշումը չստորագրած Մոսկուայէն մեկնելուն համար: Յօդուածագիրին համաձայն, Ռուսիա, Թուրքիա եւ լիպիական յիշեալ կառավարութիւնը համաձայնած էին «Վակնըր» զինուորական ընկերութեան ապահովական ուժերը հեռացնել Թրիփոլիէն եւ Ճաֆրա ուղարկել, որպէսզի Սարրաճին առիթ ընծայուի Թրիփոլին իր հսկողութեան տակ առնելու՝ թրքական ինքնաթիռներու եւ թուրք զինուորական խորհրդատուներու զօրակցութեամբ, ուստի Սարրաճի յառաջխաղացքին հիմնական պատճառը Ռուսիոյ շրջանէն քաշուիլն էր»:

Սեզէրի համաձայն, Ռուսիա յաճախակի փորձեր կատարեց Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերը զինադադարի հրաւիրելու․ սա յաջողեցաւ Հաֆթարի ճակատին վրայ, սակայն դէմ յանդիման եկաւ Սարրաճի ընդդիմադիրներուն եւ Թուրքիոյ մերժումին։ Աւելի ուշ Ռուսիա սկսաւ պատուիրակութիւններ ուղարկել Թուքիա՝ բանակցութիւններ վարելու թրքական կողմին հետ։  Այս բոլորին որպէս արդիւնք Անգարա յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ զինուորական լուծումը ապարդիւն է եւ տագնապը կարելի է լուծել քաղաքական բանակցութեամբ: Սեզէրի համաձայն, Թուրքիա իր յօժար կամքով չընդունեց զինադադարի որոշումը, այլ Ռուսիոյ ճնշումին հետեւանքով իր համամտութիւնը յայտնեց, քանի որ չընդունելու պարագային Թուրքիա պարտութեան պիտի մատնուէր: Ըստ երեւոյթի Թուրքիա ուշ ընդունեց որոշումը։ Այս պատճառով ալ Անգարա պատժուեցաւ եւ անտեղեակ մնաց Լիպիոյ մէջ զարգացող քաղաքական վերջին բեմագրութենէն, որուն ի պատասխան Թուրքիա շուռ տուաւ Լիպիոյ մէջ իր քաղաքական քարտերը:

 

ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱ՞Ն ԼՈՒԾՈՒՄ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ

Սեզէրի համաձայն, մինչեւ այսօր Լիպիոյ տագնապէն առաւելագոյն օգտուողը Թուրքիան է, շնորհիւ Սարրաճի կառավարութեան հետ իր բանակցութիւններուն, որոնցմով ան ձեռք ձգեց ծովային նաւահանգիստ մը, զինուորական խարիսխ մը, ինչպէս նաեւ նիւթական հասոյթ՝ յանուն թրքական լիրայի ամրապնդման, որուն կողքին ծովային հարստութիւններէ օգտուելու փոխհամաձայնութիւններ՝ «թրքական կապոյտ հայրենիք» ծրագիրին որպէս լրացում։ Լրատուամիջոցներ  յայտնեցին նաեւ, որ լիպիական կեդրոնական դրամատունը Ֆինանսաւորեց Թուրքիոյ նախագահին արտաքին եւ ներքին քաղաքական քարոզարշաւները։

Թուրքիան խորքին մէջ տագնապի զինուորական լուծումը կը շեշտէ՝ ընդլայնելու իր ակնկալութիւններուն առաստաղը, որուն համար կը շահագրգռէ նաեւ Թուրքիոյ հանրային կարծիքը՝ լիպիացի եղբայրներուն հետ շրջանի հարստութիւնները բաժնեկցելու, թրքական ընկերութիւնները Լիպիոյ վերականգնումի շահեկան գործարքներու առաջնորդելու, «կապոյտ հայրենիք»ի բարիքներէն օգտուելու խոստումներով, փոխարէնը Էրտողան կը փորձէ լուսարձակներէ հեռու պահել  իր ներքին տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական  ձախողութիւնները։

Այս բոլորին լոյսին տակ, կը թուի որ զինադադարէն տուժած Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիմնուի Լիպիոյ ներքին հարցերու հրահրման եւ Թուրքիոյ համախոհ, բայց անհնազանդ տարրերէն, զորօրինակ՝ Սարրաճէն, ձերբազատման քայլերուն վրայ, որովհետեւ վերջինս ոչ միայն համաձայն գտնուեցաւ զինադադարին առանց Թուրքիոյ կարծիքը շօշափելու, այլեւ խորհրդակցեցաւ Փարիզի՝  ՆԱԹՕ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ոխերիմ թշնամիին հետ։

Լիպիական ներքին հարցերը հրահրելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան առաջին նշոյլները երեւան ելան Լիպիոյ Համաձայնական Կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Պաշաղայի Թուրքիա այցելութենէն, առանց խորհրդակցելու Սարրաճի հետ, փոխարէնը անոր պաշտօնը առժամաբար կախեալ համարելու Սարրաճի նախնական որոշումէն, ապա այդ որոշումին Թուրքիոյ ճնշումին ներքոյ չեղեալ համարումէն։ Միւս կողմէ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան զեկոյցները անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերեն Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ անոր Սուրիայէն Լիպիա գործուղած զինեալ ահաբեկիչ գործակալներուն վտանգը, ինչ որ կրնայ Թուրքիոյ դէմ քաղաքական նոր բեմագրութիւններու անակնկալ դրոյթներ ստեղծել։

Սարգիս Գասարճեան

«Ալ Նահար»

Հայերէնի թարգմանութիւնը՝ «Գանձասար»ի