Վերամուտ է արդէն: Աշակերտներ երկար արձակուրդէ վերադարձած՝ դարձեալ պիտի կաղապարուին եւ աշխատանքի լծուին: Նախորդ տարեշրջանը պսակաձեւ ժահրի պատճառով բնականոն ձեւով չընթացաւ: Այս դպրոցական տարեշրջանին եւս, բոլորս դէմ յանդիման պիտի գտնուինք կարգ մը դժուարութիւններու:  Ուստի որպէս ծնողք նեցուկ կանգնինք եւ օգնենք մեր զաւակներուն՝ հեզասահ տարի մը բոլորելու համար:

Բոլոր ծնողներուն փափաքն է աշխատունակ զաւակներ ունենալը, տեսնելու համար զիրենք հետագային լաւ դիրքերու հասած եւ ընկերութեան մէջ որպէս յարգելի եւ յաջող անձեր:

Շատեր սակայն կ’անգիտանան, որ իբրեւ ծնողք իրենք շատ կարեւոր դեր ունին եւ իրենց կեցուածքն ու վարուելակերպը մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ զաւակներու յաջողութեան վրայ:

Վերամուտի  առիթով կու տանք մանկավարժներու թելադրանքներ, որպէսզի մեր զաւակները ըլլան «փայլուն» դպրոցականներ:

  • Խօսինք մեր զաւակներուն հետ

Ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ երբ ծնողներ ժամանակ կը տրամադրեն եւ ամէն նիւթի մասին կը զրուցեն իրենց զաւակներուն հետ, անոնք աւելի հարցասէր եւ հետաքրքիր կը դառնան եւ չեն բաւարարուիր սահմանափակ գիտելիքներով:

  • Կարդանք եւ խաղանք մեր զաւակներուն հետ

Փոքրիկին կողքը գետին նստելով մասնակցինք անոր խաղին կամ  հաճելի պատմութիւն մը կարդանք մեր զաւկին հետ: Ընթերցումի ընթացքին միասնաբար պատկերներ դիտենք կամ մեկնաբանենք: Խաղն ու ընթերցումը հաճելի միջոցներ են երեխան զարգացնելու:

  • Օրինակ ծառայենք

Առհասարակ երեխաները հակամէտ են ընդօրինակելու իրենց հայրերն ու մայրերը:

Ծնողքին խօսակցութեան ոճը եւ գործածած բառամթերքը մեծապէս կ’ազդէ փոքրիկին վրայ:Ան անմիջապէս կ’արձանագրէ եւ կը կրկնէ զանոնք: Նոյնպէս ծնողներու միջեւ վարուելակերպը, ուսուցիչին կամ տարեցներուն հետ վերաբերելու ոճը մեծ ազդեցութիւն ունին երեխային վրայ։

  • Գնահատենք մեր զաւակները

Որպէս ծնողք, փոխանակ տեւաբար մեր զաւկին սխալները մատնանշելու եւ քարոզներ կարդալու, ջանանք  գնահատել անոր դրական կողմերը:

Սիրուած եւ գնահատուած երեխան միշտ աւելի ինքնավստահ եւ մտքով ու հոգիով աւելի առողջ կ’աճի, քան լքուած ու վարկաբեկուած երեխան:

  • Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը սերմանենք

Կանուխ տարիքէն մեր զաւակը պէտք է ունենայ որոշ պատասխանատուութիւններ եւ յարգէ ու իրականացնէ զանոնք: Օգնենք, որ ան ինքնաբաւ ըլլայ եւ քաջալերենք որ երբեմն առանձին աշխատի եւ յետոյ կատարենք միայն անհրաժեշտ ստուգումը: Մենք ալ մեր կարգին իրապաշտ ըլլանք, ճանչնանք մեր զաւակներուն կարողութիւնները եւ անկարելին չպահանջենք անոնցմէ:

  • Դասաւորենք երեխային կեանքը

Մեր զաւկին դպրոցական արդիւնքները մեծապէս կը տուժեն, եթէ ան կանոնաւոր ժամանակացոյց մը չունենայ եւ օրը դասաւորուած չըլլայ:

Գիշերը ուշ քնանալը, առտուն առանց նախաճաշի դպրոց մեկնիլը, առանց արտօնութեան եւ դասերը չաւարտած խաղալը անկազմակերպ վիճակ մը կը ստեղծեն անոր կեանքին մէջ եւ ժամանակի ընթացքին սխալ սովորութիւններ կ’արմատանան անոր մէջ:

Ուստի որպէս ծնողք հսկենք երեխային առողջութեան, քունին եւ սննդառութեան ու քաջալերենք, որ արտադպրոցական հետաքրքրութիւններ ունենայ եւ հետեւի ակումբի մը  կամ մշակութային կեդրոնի մը գործունէութեան:

Երեխան պէտք է խաղն ու դասը, հաճոյքն ու պարտականութիւնները զանազանէ եւ իւրաքանչիւրին յարմար ժամանակ տրամադրէ:

  • Համակարգիչն ու արդի արհեստագիտութիւնը

Գիտակից ծնողքը փոքրիկը բոլորովին զրկելու փոխարէն, կրնայ յատուկ ժամ ճշդել պատկերասփիւռի, համակարգիչի համար՝ հսկելով յայտագիրներուն եւ խաղերուն որակին:

Բարի վերամուտ,  հեզասահ եւ յաջող տարի մը  կը մաղթենք  ձեր բոլորին:

Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան