ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

–              Սուրիոյ հաւաքականի նախկին խաղացող Գէորգ Մարտիկեան նշանակուեցաւ Լաթաքիոյ Հըթթին ակումբի վարչական։

–              Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը հրաւիրեց  Ա ․ եւ Բ. դասակարգերու մասնակից ակումբներու ներկայացուցիչները ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Դամասկոս:

–              Լաթաքիոյ Հըթթին ակումբը երկրորդ տարին ըլլալով ֆութպոլի խումբին մարզիչ նշանակեց Հուսէյն Աֆաշը:

–              Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Ումար Խուրէյպին  Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ խումբի պատասխանատուներուն տեղեկացուցած է, որ կ’ուզէ լքել կազմը: Սուրիացի խաղացողին հետ բանակցութիւններ կը վարէ Եգիպտոսի Զամալեքը:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՍԻՄՈՆԷ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ  ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ Է

Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտի պատասխանատուները պաշտօնական կայքով յայտարարեցին, որ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Սիմոնէ պսակաձեւ ժահրով վարակուած է:  Յայտարարութեան մէջ յիշեցին, որ խումբի բոլոր անդամները ենթարկուեցան Covid-19-ի քննութեան, եւ աւարտին ի յայտ եկաւ Սիմոնէյի քննութեան դրական արդիւնքը: Բարեբախտաբար Սիմոնէ ոչ մէկ անհանգստութիւն ունեցծաւ։  Ան պիտի բաւարարուի 14 օր մեկուսացմամբ: Աւելցնենք, որ խումբը իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ 26 Սեպտեմբերին, որմէ մեծ հաւանականութեամբ Սիմոնէ պիտի բացակայի: Մինչեւ օրս, Սպանիոյ ախոյեանութեան մասնակից խումբերէն 60 խաղացող վարակուած է պսակաձեւ ժահրով:

ԼԱՈՒԹԱՐՈՅԻ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐԸ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ

Իտալական Ինթեր Միլան խումբի խաղացող Լաութարօ մարթինէզի գործատէրերը Կիրակի օր ժամանեցին Պարսելոնա՝ բանակցութիւններ վարելու սպանական ակումբի ղեկավարներուն հետ: Ըստ տեղեկութիւններու, Պարսելոնայի նորանշանակ մարզիչ Քուման, պատասխանատուներուն առաջարկած է կազմին միացնել Լաութարօն, որ իր հայրենակից Մեսիին հետ պիտի գրաւէ խումբի առաջատար դիրքը: Քաթալոնէական Սփորթ օրաթերթը գրեց, որ Պարսելոնան Ինթերի ղեկավարներուն ներկայացուցած է Լաութարօն միացնելու առաջարկը, սակայն անոնք կ’ուզեն երկարաձգել արժանթինցի խաղացողին պայմանագրութիւնը մինչեւ 2024:

 

ՓԵՐԼՕ ԳՈՀ Է ԽՈՒՄԲԻՆ ԸՆԹԱՑՔԷՆ

Իտալիոյ Իւվենթուս խումբի մարզիչ Փերլօ իր գոհունակութիւնը յայտնեց մինչեւ օրս խումբին ընթացքին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումներուն արդիւնքներուն համար: Շաբաթ օր Իւվէնթուս բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Նվարա խումբին դէմ, որ աւարտին հասաւ 5 – 0 արդիւնքով։ Հանդիպումին առաջին կոլը նշանակեց Քրիստիանօ Ռոնալտօն: «Սքայ Սփորթ» օրաթերթին հետ իր զրոյցին ընթացքին Փերլօ ըսաւ, որ Քրիստիանօ Ռոնալտօ մեծ դեր ունի խումբին մէջ, եւ խումբը, իր կողքին, կարիք ունինք մէկայլ յարձակողական խաղացողի մը՝ աւելի աշխուժացնելու  կազմին առաջատար գիծը: Համակիրներու դաշտ ներկայանալու համար իտալացի մասնագէտը ըսաւ, որ ժողովուրդին ներկայութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ան յոյս եւ թափ կուտայ խաղացողներուն, կարեւոր է նաեւ բոլորին առողջութիւնը, ուստի նրեկայութեան մեծ թիւ պահանջելը իրատեսական չէ:

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան