21 Սեպտեմբերին armnews պատկերասփիւռի  «Երեկոյեան  Լուրեր» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհաւորած է ողջ հայ ժողովուրդը Հայաստանի Անկախութեան 29-ամեակին առիթով, ապա յայտնած, որ 21 Սեպտեմբերը Սփիւռքի մէջ ընկալուած է որպէս 28 Մայիսի շարունակութիւն: Հետեւաբար, 21 Սեպտեմբերը ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ ողջ հայութեան համար ունի մեծ նշանակութիւն, որովհետեւ այդ օրով Հայաստանը վերստին յայտնուեցաւ անկախ երկիրներու քարտէզին մէջ:

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան հաղորդումի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական  շարք մը հարցերուն, գործող իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն եւ ՀՅԴ վարած քաղաքականութեան:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով