ՀՅԴ, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնած են, որ 8 Հոկտեմբեր 2020-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համապետական հանրահաւաք մը պիտի կազմակերպեն:

 

Կուսակցութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի հետեւեալը.

 

«2018-ի գարնանը համաժողովրդական շարժումը ստեղծեց երկրի զարգացման որակապէս նոր հնարաւորութիւններ: Հանրութեան մօտ ձեւաւորուեցին արատաւոր բարքերը պատմութեան գիրկն ուղարկելու, երկրում արդարութիւն հաստատելու, երաշխաւորուած եւ առաւել բարեկեցիկ ապագայ ունենալու արդարացի սպասելիքներ:

 

Անցած աւելի քան երկու տարիների ընթացքում հանրութեան սպասելիքները չեն արդարացել: Իշխանութիւնը ձախողել է ամէնուրեք: Վտանգուած է երկրի զարգացման հեռանկարը: Իշխող քաղաքական ուժը փաստել է մեր ազգային պետականութեան ուղղուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անկարողութիւնը:

 

Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայրենիք կուսակցութիւնները, գնահատելով երկրում ստեղծուած իրավիճակը, անխուսափելի համարելով նոր որակի եւ ազգային իշխանութեան ձեւաւորման հրամայականը, Հոկտեմբերի 8-ին ժամը 18:00-ին, Ազատութեան հրապարակում հրաւիրում են համապետական հանրահաւաք»: