Հայաստանի Անկախութեան 29-ամեակին առիթով Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը զրոյցի  հրաւիրած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  Բենիամին Պչաքճեանը: Բիւրոյի անդամը շնորհաւորած է ողջ հայութիւնը Անկախութեան տօնին առիթով, անդրադարձած է Հայաստանի վերանկախացման պատմութեան, կարեւոր համարած է անկախութեան դերը Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ խօսած է մայր հայրենիքի մէջ ՀՅԴ վերահաստատման եւ պետականաշինութեան գործին մէջ ունեցած անուրանալի դերակատարութեան մասին:

Զրոյցի ընթացքին Բենիամին Պչաքճեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի ներքաղաքական  շարք մը հարցերուն: