https://www.arfd.am/news/30471/«Ազատութիւն».-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը փակագիծերը բանալով կը յայտնէ, որ 8 Հոկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած համապետական հանրահաւաքի գլխաւոր պահանջը արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններն են:

«Հանրահաւաքի գխաւոր պահանջը արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ են, իսկ անոր հասնելու համար անհրաժեշտ է վարչապետին հրաժարականը: Մնացեալ մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին հանրահաւաքին», «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը բացառէ Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման հարցով դատական նիստին եւ հանրահաւաքին միջեւ որեւէ կապի գոյութիւնը: Ըստ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչին, իշխանութիւնը պարզապէս կը փափաքի ցոյց տալ, թէ ընդդիմութիւնը օրակարգ չունի եւ հանրահաւաքը ընդամէնը Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման հետ  կապուած է:

«Այս ամբողջ ժամանակահատուածին յաճախ ըսած ենք, որ, այ՛ո, երբ որ արտակարգ դրութիւնը վերանայ, մենք պիտի օգտուինք նաեւ հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր ընելու մեր սահմանադրական իրաւունքէն: Այս ժամանակահատուածին մենք նաեւ պարբերաբար խօսած ենք այդ մասին։ Ուստի հիմա ըսել որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ որոշած ենք հանրահաւաքի օրը, զայն կապելով անմիջական դատավարութեան հետ, կարելի չէ: Մենք հակառակը  կ’ըսենք, որ այս իշխանութիւնը կը շարունակէ ընթանալ այն ճամբով՝ քրէական գործերով, հետապնդումներով փորձելով լռեցնել իր ընդդիմախօսները եւ ընդդիմադիր դաշտը»,  ըսաւ Սաղաթէլեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը շեշտէ, որ քաղաքական 3 ուժերը կը յաջողին բազմամարդ հանրահաւաք կատարել, որովհետեւ օրակարգը օդէն չեն վերցուցած, այն կառուցած են հանրային դժգոհութիւններու եւ իրենց գնահատումներու հիման վրայ: Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի համոզումով` իշխանութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ ձախողած է, կառավարութիւնը եւ խորհրդարան այլեւս ի վիճակի չեն դիմագրաւելու երկրի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները, կայ իրաւացի դժգոհութիւն հասարակական տարբեր շերտերու մէջ, եւ մարդիկ դուրս կու գան  փողոցէն:

«Եթէ չըլլայ այդ հասարակական աջակցութիւնը, երեք կուսակցութիւնները ոչինչ կրնան ընել, բայց մենք վստահ ենք` կայ եւ մենք կը ներկայացնենք այդ հասարակական պահանջը», նշեց Սաղաթէլեան: