«Երկիր».-Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը` ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ միշտ պատրաստ է անոնց հետ քննարկելու Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող որեւէ հարց եւ աջակցիլ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ:

Նշելով, որ այսօր ստեղծուած են բոլոր պայմանները արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան համար` Արցախի խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի պահպանուին եւ պիտի զարգանան միջխորհրդարանական գործակցութեան աւանդոյթները Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ:

Խօսելով Արցախի առաջնահերթ հարցերուն մասին, զրուցակիցները զարգացման հեռանկարով յատկապէս ընդգծած են դպրոցի, կրթութեան կարեւոր դերը, շատ էական  համարուած է նաեւ ճարտարագիտութեան զարգացումը: Անդրադառնալով ժողովրդագրութեան հարցին, նախագահ Սարգսեան կարեւոր  համարած է յստակ ծրագիրներու միջոցով աջակցիլ ու խրախուսել մարդոց` հաստատուելու Արցախի մէջ: Ան յայտնած է, որ հսկայական ներդրում կարելի է ըլլալ ինչպէս Արցախի, նոյնպէս ալ  Հայաստանի տնտեսութեան համար: